ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԻՆԵՁՕՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին քաղաքիս մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմաբան ու կրթական մշակ Արմաւենի Միրօղլուի ուսումնասիրական երկին շնորհանդէսը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառէն ներս Արմաւենի Միրօղլու վերջին տարիներուն տարաւ բազմակողմանի աշխատանք մը, որու հիման վրայ նուաճեց պատմաբանի կոչում։ Իր պաշտպանած թեզին վրայ հրատարակուած գիրքը կը կոչուի «Պոլսահայերը (1923-1939)»։ Միջոց մը առաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր այս գործին շնորհանդէսը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս։
Ուրախառիթ է, որ յառաջիկայ շրջանին քաղաքիս մէջ ալ տեղի պիտի ունենայ գինեձօն մը՝ Արմաւենի Միրօղլուի այս գործին համար։ Ձեռնարկին կազմակերպչական պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Էսաեան սանուց միութիւնը։ Արդարեւ, Արմաւենի Միրօղլու թէ՛ Էսաեան վարժարանի նախկին շրջանաւարտուհիներէն մին է եւ թէ այնտեղ կը պաշտօնավարէ որպէս հայրերէնի ուսուցչուհի։ Գինեձօնին նախաձեռնարկները տեղին մօտեցումով մը որոշած են նաեւ այս հաւաքոյթին առթիւ քաղաքս հրաւիրել Հայաստանէն գիտնական մը։ Այդ անունը պիտի ըլլայ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառին շուրջ համախմբուած հեղինակաւոր պատմաբաններէն Աշոտ Մելքոնեան։ Այս վերջինը հանդէս պիտի գայ՝ արժեւորելու համար Արմաւենի Միրօղլուի գործին գիտական նշանակութիւնը։
Կը նախատեսուի, որ այս հաւաքոյթը եզակի առիթի մը վերածուի հետաքրքիրներու տեսակէտէ։