ՎՃՌԱԿԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾ

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ մեծ տակ­նուվ­րա­յու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ կէս գի­շե­րին սկսաւ Ի­րա­քի քա­րիւ­ղի պա­շար­նե­րով հա­րուստ Մու­սուլ քա­ղա­քը՝ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն ա­զա­տագ­րե­լու ուղ­ղեալ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն մը։ Ի­րա­քի Վար­չա­պետ Հայ­տար Էլ Ի­պա­տի պե­տա­կան հե­ռուս­տա­կա­յա­նէն պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս գա­լով ի լուր աշ­խար­հի տե­ղե­կա­ցուց այս վճռա­կան հա­րուա­ծի մեկ­նար­կը։ Յայ­տա­րա­րու­թեան ըն­թաց­քին Ի­պա­տիի կող­քին էին երկ­րի ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հը եւ այլ ութ բարձ­րաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տար­ներ։ Շուրջ եր­կու տա­րիէ ի վեր Մու­սուլ կը գտնուի Ի­ՇԻՊ-ի հա­կակշ­ռին տակ։

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թիւ­նը ար­դէն բախ­տո­րոշ քայլ մը ա­ռած է այս գոր­ծո­ղու­թեան ձեռ­նար­կե­լով։ Ա­ռա­ջին թի­րախ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան Մու­սու­լի յա­րա­կից կարգ մը գա­ւա­ռակ­նե­րը. ինչ­պէս՝ Համ­տա­նի եւ Քա­րա­քուշ։ Թէ՛ օ­դա­յին եւ թէ ցա­մա­քա­յին զօր­քեր կը հա­րուա­ծեն Ի­ՇԻՊ-ի դէմ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ա­հա­բե­կիչ­ներն ալ կը դի­մադ­րեն ծանր զէն­քե­րով։ Տե­սա­դաշ­տի սահմ­նաա­փակ­ման հա­մար Ի­ՇԻՊ կ՚այ­րէ ա­նիւ­ներ եւ կրա­կի կու տայ խրա­մատ­նե­րու մէջ լե­ցուած քա­րիւ­ղը։

Ի­պա­տի կէս գի­շե­րին տե­ղե­կա­ցուց, թէ Մու­սուլ մուտք պի­տի գոր­ծեն միայն Ի­րա­քի բա­նակն ու ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րը։ Փեշ­մեր­կէ­ներն ալ թնդա­նօթ­նե­րով կը հա­րուա­ծեն Ի­ՇԻՊ-ի շար­քե­րը։ Մու­սու­լի նախ­կին կու­սա­կալ Նու­ճէյ­ֆի յայտ­նեց, թէ այս գոր­ծո­ղու­թեան կը մաս­նակ­ցի նաեւ եր­կու հա­զար հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ սիւն­նի զօր­քը, որ մար­զուած է Թուր­քիոյ կող­մէ։ Ժա­մը 01.40-ի դրու­թեամբ սկսած գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ար­դէն մագ­նի­սա­ցու­ցած է ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Պաղ­տա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կու գան ա­պա­ցու­ցա­նել, որ նա­խա­պէս ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը պի­տի յար­գուին եւ այս­պէ­սով հա­շուի պի­տի առ­նուին նաեւ Թուր­քիոյ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը՝ որ­պէս­զի շիի զօր­քե­րը մուտք չգոր­ծեն Մու­սուլ։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ընդ­հա­նուր առ­մամբ հինգ ճա­կատ­նե­րու վրայ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման հա­մար։

Մու­սու­լի հա­մար ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թեան մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւն մըն ալ կա­տա­րուե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի կող­մէ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Պրէտ ՄքԿարք տե­ղե­կա­ցուց, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մը պա­տիւ կը զգայ այս գոր­ծո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լէ։

Թէեւ Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման ուղ­ղեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը յե­ղաշր­ջած են օ­րա­կար­գը, սա­կայն շա­բա­թա­վեր­ջին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին տե­սա­կէ­տէ ալ տե­ղի ու­նե­ցան կա­րե­ւոր ժո­ղով­ներ։ Այդ ժո­ղով­նե­րուն ա­ռա­ջի­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, Զուի­ցե­րիոյ Լո­զան քա­ղա­քին մէջ։ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Պին Օս­ման Էլ Ճու­պէյր, Քա­թա­րի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Շէյխ Ապ­տուր­րահ­ման Պին Ճա­սիմ Էլ Թհա­նի, Ի­րա­քի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Իպ­րա­հիմ Ճա­ֆէ­րի, ինչ­պէս նաեւ ՄԱԿ-ի Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Սթե­ֆան Տը Միս­թու­րա մաս­նակ­ցե­ցան այս խորհր­դակ­ցու­թեան։ Ըստ մի­ջազ­գա­յին հա­ղոր­դում­նե­րու, Լո­զա­նի խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը շօ­շա­փե­լու ո­րե­ւէ ար­դիւն­քի ծնունդ չտուաւ։ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վրայ ազ­դե­ցու­թեան տէր այս լծակ­նե­րու նա­խա­րար­նե­րը միայն կրցան վե­րա­հաս­տա­տել կարգ մը դրա­կան սկզբունք­ներ եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­ցին ի­րենց շփու­մը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Լո­զա­նի մէջ շա­րու­նա­կուե­ցաւ նաեւ Ճոն Քե­րիի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի ուղ­ղա­կի երկ­խօ­սու­թիւ­նը՝ Սու­րիոյ հար­ցին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի ձա­խո­ղած հրա­դա­դա­րի փոր­ձէն վերջ ընդ­հա­տուած էր Քե­րի-Լաւ­րով երկ­խօ­սու­թիւ­նը։

Լո­զա­նէն վերջ, ե­րէկ ալ Լոն­տո­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վե­րա­բե­րեալ ու­րիշ կա­րե­ւոր ժո­ղով մը, ո­րու տան­տէրն էր Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պո­րիս Ճան­սըն։  «Գա­ղա­փա­րա­կից եր­կիր­նե­րու խմբակ»ի այս ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս պէտք չէ հրահ­րուին դա­ւա­նա­կան բա­խում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ գե­տին պէտք չէ պատ­րաս­տուի ա­ւե­լի մեծ պա­տե­րազ­մի մը եւ կամ գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ բա­խու­մի մը հա­մար, ինչ որ կոր­ծա­նիչ հե­տե­ւանք­ներ կրնայ ու­նե­նալ։ Լոն­տո­նի մէջ Ճոն Քե­րի խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց Հա­լէ­պի կա­ցու­թեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016