ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը հետզհետէ թափ կը հաւաքէ համայնքային կեանքի բազմաբնոյթ խմորումներով։ Միեւնոյն ժամանակ, համայնքային կեանքէն ներս նախընտրական մթնոլորտին բնորոշ նոր հաւասարակշռութիւններ կը ձեւաւորուին՝ թեկնածուներու վերաբերեալ կատարուելիք նախընտրութիւններու հեռանկարով։ Այս ամբողջին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ անկիւնադարձային իրադարձութիւն մը, որ կրնայ ուղղակիօրէն պայմանաւորել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի հաւասարակշռութիւնները։ Այսպէս, երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի տիրամայրը՝ Մարի Մութաֆեան զօրակցութիւն յայտնեց ի նպաստ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի թեկնածութեան՝ ընդգծելով անոր նկատմամբ տածած սէրը։
Շաբաթներէ ի վեր արդէն համայնքային կեանքէն ներս պատրիարքական հիմնական թեկնածու սրբազաններն ու իրենց համակիրները աշխատանք կը տանին՝ մեր համայնքին հասնելու, իրենց մօտեցումները բաժնելու առաջադրութեամբ։ Այս բոլորէն վերջ, երէկ երեկոյեան արդէն պաշտօնապէս մեր համայնքին ներկայացուեցաւ մանիշակագոյն շարժումը, որ կը սատարէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Թաքսիմի «Point» պանդոկի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին ի մի եկան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի համախոհները, համակիրները եւ պատգամաւորի թեկնածուները։ Սրահին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ, մինչ ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաներու բարձր տրամադրութիւնն ալ իսկապէս անանտեսելի էր։ Խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ տիրամայր Մարի Մութաֆեան իր աջակցութիւնը յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին ի նպաստ։ Ոգեւորութեան ալիք մըն ալ ստեղծուեցաւ, երբ մեր յայտնի բարերարներէն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ յայտարարեց իր աջակցութիւնը ի նպաստ նորին սրբազնութեան։ Այս առթիւ Կիւլմէզկիլ նշեց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս թէեւ որոշած էր մնալ անկողմնակալ, սակայն վերջին շրջանի իրադարձութիւնները զինքը մղած են վերատեսութեան ենթարկելու այդ դիրքորոշումը։ Ան Պատրիարքական Աթոռի ապագային տեսակէտէ մտահոգիչ համարեց վերջին շրջանի կարգ մը խմորումները, որոնց լոյսին տակ յարմար դատած է դիրք գրաւել Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողքին՝ կանխելու համար անհանգստացուցիչ հեռանկարները։
Երեկոյթը կազմակերպուած էր այն յանձնախումբին կողմէ, որ կը համակարգէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախընտրական աշխատանքները։ Նորին սրբազնութիւնը իր շուրջ համախմբած է համախոհներ, որոնք ծրագիրներ մշակած են, որպէսզի մեր ժողովուրդը պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կարողանայ հաղորդ դառնալ անոր պատգամին եւ մօտեցումներուն, տեսլականին ու հորիզոններուն։ Ուստի, այդ նոյն յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր երէկուան ընթրիքը, որով գործնականօրէն ազդարարուեցաւ պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ մանիշակագոյն շարժումի մեկնարկը։
Ձեռնարկի սկիզբին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ արտասանուած աղօթքէն վերջ, բացման խօսքով մը հանդէս եկաւ կազմակերպիչներէն համակրելի համայնքային գործիչ Նաժտա Շատեան, որ ջերմօրէն ողջունեց բոլոր ներկաները եւ արտայայտեց իր համոզումը, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ մեր Պատրիարքական Աթոռն ու համայնքը պիտի ունենան լաւ ապագայ մը։ Աւելի վերջ հանդէս եկաւ լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան, որու հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Հիմնական ատենախօսներն էին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի համախոհներու շարժման համակարգման յանձնախումբի ատենապետը՝ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն Տքթ. Թագւոր Անան եւ նոյն յանձնախումբի անդամներէն Ֆէրիգիւղի ընտանիքին մօտէն ծանօթ Նուրհան Փալաքօղլու։ Տքթ. Թագւոր Անան այս առթիւ բացատրեց, որ ինչ հիմնաւորումներով որոշած էին պաշտպանել Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի թեկնածութիւնը։ Իր կարգին Նուրհան Փալաքօղլուն ալ ծանօթացուց մանիշակագոյն շարժման պատգամաւորի թեկնածուները։ Հրապարակուած թեկնածուներու շարքին կային անուններ, որոնք մեր համայնքային կեանքէն ներս կը վայելեն յարգանք ու համակրանք։ Այսպէս, մանիշակագոյն շարժման պատգամաւորի թեկնածուներու շարքին կը գտնուին յայտնի բարերարներ, համայնքային վարիչներ, նախկին վարիչներ, հասարակական գործիչներ եւ մեր համայնքէն բազում ծանօթ դէմքեր։ Իգական սեռի եւ երիտասարդներու մասնակցութեան համեմատութիւնն ալ իսկապէս ուշագրաւ էր թեկնածուներու շարքին։ Հարկ է նշել, որ տակաւին բոլոր ընտրաշրջաններու պարագային վերջնականօրէն յայտնի չեն եղած պատգամաւորի թեկնածուները։ Յամենայնդէպս, մեծաւ մասամբ պատգամաւորի թեկնածուները արդէն յայտնի դարձած են եւ երէկ տեղեկացուեցաւ, որ մնացեալներն ալ շուտով յայտնի կը դառնան։
Հաւաքոյթի ընթացքին պատգամաւորի թեկնածուներուն որոշ չափով խորհուրդներ ալ տրուեցան նախընտրական գործընթացի յառաջիկայ փուլերուն կապակցութեամբ, սակայն շեշտուեցաւ, որ վերջին հաշուով պէտք է սպասել Նախաձեռնարկ մարմնի պաշտօնական հրապարակումներուն։ Համակարգման մարմինը պատգամաւորի թեկնածուներուն յանուն թափանցիկութեան ներկայացուց նաեւ այն արհեստավարժ երիտասարդ տարրերը, որոնք նախընտրական գործընթացի կազմակերպչական աշխատանքներուն ներգրաւուած են։
Ձեռնարկի տեւողութեան շատ խանդավառ ելոյթ մը ունեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու խօսքերը ընկալուեցան բուռն ծափողջոյններով։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ համայնքի արժէքաւոր տարրերէն բաղկացեալ ազգայիններու՝ որպէս պատգամաւորի թեկնածու իր կողքին դիրք գրաւելը մեծ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ իրեն՝ մեր Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին ծառայութիւն մատուցելու ճանապարհին։
Յայտագրի պաշտօնական բաժնի եզրափակուելէն վերջ զանազան պատգամաւորի թեկնածուներ հանդէս եկան սրտի խօսքերով կամ հարցումներով։ Մեծ խմբանկարի մը նկարահանումէն վերջ երեկոյթը հասաւ իր աւարտին։ Բոլոր ներկաները հրաժեշտ առին ստանալով նորին սրբազնութեան օրհնութիւնը։