«ՖՐԱՆՍԱ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԷՋ»
Փարիզի մէջ պատահած աննախընթաց ահաբեկչութեան պատճառած ցնցումը յեղաշրջած է Ֆրանսայի օրակարգը։ Բովանդակ երկրէն ներս յայտարարուած եռօրեայ ազգային սուգը այսօր կը հասնի իր աւարտին, կեանքը թէեւ աստիճանաբար կը վերադառնայ բնականոն հունին, սակայն յայտնի է, որ այս յարձակման հաշուեյարդարը տակաւին երկար պիտի զբաղեցնէ Ֆրանսան։ Փարիզի զանազան շրջաններուն մէջ, հազարաւորներու մասնակցութեամբ երէկ հրապարակներու վրայ պահուեցաւ յարգանքի լռութիւն։ Ժողովուրդը ծաղիկներ թողուց եւ մոմեր վառեց զոհերու յիշատակին։ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ եւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր ալ նման սգահանդէսի մը մասնակցեցան Սորպոնի համալսարանին մէջ։
Երէկուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին էր Ֆրանսայի խորհրդարանին գումարած ժողովը՝ Վերսայի պալատէն ներս։ Նախագահ Օլանտ շատ վճռական ելոյթով մը հանդէս եկաւ երկրի խորհրդարանին առջեւ։ Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամներու համատեղ նիստին ժամանակ Օլանտ բացայայտօրէն յայտարարեց, որ Ֆրանսա կը գտնուի պատերազմի մէջ։ «Փարիզի յարձակումները ծրագրաւորուեցան Սուրիոյ մէջ եւ կարգ մը ֆրանսացիներու օժանդակութեամբ ղեկավարուեցան Պելժիայէն», ըսաւ Ֆրանսուա Օլանտ, որ տեղեկացուց, թէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութեան» դէմ Սուրիոյ մէջ Ֆրանսա պիտի խտացնէ իր գործողութիւնները։ Ֆրանսուա Օլանտ միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուց, որ արտակարգ ժողովի հրաւիրած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը։
Ֆրանսայի խորհրդարանի նիստին ընթացքին Օլանտ արտայայտեց այն համոզումը, թէ յարմար կը դատէ երկրի սահմանադրութեան փոփոխութեան ենթարկուիլը, որպէսզի արտակարգ դրութեան ժամկէտը կարելի ըլլայ տասներկու օրէն բարձրացնել երեք ամսուան։ Ըստ Օլանտի, ահաբեկչական յարձակման ընթացքին 19 ազգութիւններէ անձնաւորութիւն մահացած է, հետեւաբար առանց խտրականութեան ամբողջ Ֆրանսան թիրախը դարձած է այդ յարձակման։ Օրէնսդրութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախաձեռնութեան առընթեր, Ֆրանսուա Օլանտ տեղեկացուց նաեւ, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին իրաւապահ մարմիններու համակարգի շարքերը 10 հազար հոգիով պիտի լրամշակուին՝ մինչեւ իր նախագահական պաշտօնավարական ժամկէտին աւարտը։ Ան կարեւորութեամբ մատնանշեց, որ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան բնագաւառներու պարագային խնայողութիւններ պիտի չկատարուին։ Ֆրանսացի ղեկավարը յիշեցուց, որ ֆրանսական ժողովրդավարութիւնը շատ աւելի դժուար թշնամիներու դէմ պատերազմելով տարած է յաղթանակներ։
Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս երէկ տեղի ունեցած նիստը իսկապէս պատմական էր։ Երկրի դրութիւնով, պետութեան գլխաւորին օրէնսդիր մարմնէն ներս ելոյթ ունենալը արգիլուած է։ Հետեւաբար, նախագահը երբ որ օրէնսդիր մարմինին խօսք ուղղելու անհրաժեշտութիւնը զգայ՝ Վերսայի պալատին մէջ ժողովի կը հրաւիրէ խորհրդարանը, որ Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի խառն կազմն է։ Առաջին անգամ 1848 թուականին խորհրդարանը ժողովի հրաւիրած էր Նափոլէոն Պոնափարթ։ Երկրորդ անգամ 2009 թուականին նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ժողովի հրաւիրած էր խորհրդարանը։ Ֆրանսուա Օլանտի գլխաւորութեամբ գումարուած երէկուան ժողովը պատմութեան ընթացքին եղաւ երրորդը։ Հանրապետութեան նախագահի ելոյթէն վերջ ֆրանսացի խորհրդարանականները ինքնաբուխ ձեւով յոտնկայս միաբերան երգեցին երկրի ազգային քայլերգը՝ Մարսէյյէզը։
Օլանտի ելոյթէն վերջ խորհրդարանականները շարունակեցին քննարկումները։ Այս հանգրուանին, Հանրապետականները որոշ վերապահութիւններ յայտնեցին՝ նախագահին կողմէ նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն շուրջ։
Միւս կողմէ, ահաբեկչական յարձակման հիմնական կասկածեալներէն Ապտիւլսելամ Սալահ երէկ ձերբակալուեցաւ Պելժիոյ մէջ։
ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՏՈՒԵԱԼ
«Արեւելք» կայքէջը այս առաւօտ տեղեկացուց, թէ Փարիզի ահաբեկչութեան զոհերու շարքին խիստ հաւանաբար կը գտնուի նաեւ Լոլա Ուզունեան։ 17-ամեայ հայուհիին անունը դէպքի պատահած օրէն ի վեր կը գտնուէր շրջանառութեան մէջ, սակայն ան կը համարուէր կորսուած։ Վերջին իրադարձութիւնները, սակայն, դժբախտաբար հաւանական դարձուցած են Լոլա Ուզունեանի մահացած ըլլալու վարկածը։
Վերոյիշեալ աղբիւրը, յամենայնդէպս, վերապահութեամբ արձագանգ հանդիսացած է այս սկզբնական տուեալին, որու վերաբերեալ ստոյգ մանրամասնութիւնները առայժմ կը պակսին։