ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՕՐ ԵՐԴՄԱՆ

Նո­յեմ­բե­րի 1-ին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ, մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ այ­սօր կ՚ապ­րուի երդ­ման օր մը։ 26-րդ գու­մար­ման Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը այ­սօր կը կա­տա­րեն ի­րենց ե­րես­փո­խա­նա­կան եր­դու­մը։ Սա միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը բնո­րո­շէ նոր շրջա­նի ա­ռա­ջին օ­րէնսդ­րա­կան տա­րուան բա­ցու­մը։

Մին­չեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նոր դի­ւա­նի ձե­ւա­ւո­րու­մը, խորհր­դա­րա­նին կը նա­խա­գա­հէ ա­մե­նաե­րէց ե­րես­փո­խա­նը՝ ՃՀՓ­-ա­կան Տե­նիզ Պայ­քալ։

Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ այսօր նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը կը յանձնէ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար Ահմէտ Տավուտօղլուին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015