ԻՐԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Թեհրանի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Հայաստան-Իրան գործարար համաժողով մը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ երկու երկիրներու առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կարելի է հասցնել 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Այս գործարար համաժողովը կազմակերպուած էր Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իրանի Առեւտուրի, արդիւնաբերութեան հանքերու եւ գիւղատնտեսութեան պալատին կողմէ։ Ժողովի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանէն շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեանի գլխաւորութեամբ։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան Իրանի գծով գրասենեակի տնօրէն Սթիվ Ֆեճին վերջերս այցելեց Ատրպէյճան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան պաշտօնատարը Պաքուի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածքաշրջանային հարցեր։