ԿԼՈՊԱԼ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Մեծն քսա­նեա­կի խում­բին (G-20) Ան­թա­լիոյ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին՝ եզ­րա­փա­կիչ յայ­տա­րա­րու­թեան հրա­պա­րա­կու­մով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը վեր­ջին օ­րե­րուն մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կեդ­րո­նա­ցուց Թուր­քիոյ վրայ, որ կը վա­րէր շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի G-20-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին մէջ Չի­նաս­տան պի­տի փո­խա­րի­նէ Թուր­քիան։ Իսկ 2017-ին G-20-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը պի­տի ստանձ­նէ Գեր­մա­նիա։

Ան­թա­լիոյ մէջ հրա­պա­րա­կուած եզ­րա­փա­կիչ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ գաղ­թա­կա­նաց հար­ցին, որ ներ­կա­յիս հրա­տապ խնդիր մըն է մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գին վրայ։ Եզ­րա­փա­կիչ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ շեշ­տուած է, թէ գաղ­թի ճգնա­ժա­մը վե­րա­ծուած է կլո­պալ մտա­հո­գու­թեան մը։ Այս հար­ցի եր­կա­րա­ժամ­կէտ յաղ­թա­հար­ման ու մշտա­կան լու­ծում­նե­րուն ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մա­կարգ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնն ալ ընդգ­ծուած է նոյն փաս­տա­թուղ­թին մէջ։

Ան­թա­լիոյ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին, երբ մաս­նա­կից ղե­կա­վար­նե­րը կը պատ­րաս­տուէին ար­ձա­կուե­լու, մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան Էր­տո­ղա­նի, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի զգա­յա­ցունց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։ Էր­տո­ղան ը­սաւ, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կրօ­նի հետ ա­ռըն­չա­կից դարձ­նե­լը մե­ծա­գոյն ա­նար­գանքն է։ Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին կեան­քը նուի­րա­կան կը հա­մա­րուի բո­լոր կրօն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի փա­կուե­լէն վերջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, թէ G-20-ի եր­կիր­նե­րը ա­մուր դիր­քո­րո­շում մը ար­տա­յայ­տած են ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ուղ­ղու­թեամբ, ինչ որ Ան­թա­լիոյ հա­ւա­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն ար­դիւնք­նե­րէն մին է։

Պա­րաք Օ­պա­մա ը­սաւ, որ մահ­մե­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րը պէտք է լրջօ­րէն քննար­կեն, թէ այս ծայ­րա­յեղ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը ինչ­պէս ար­մա­տա­ւո­րուած են։ «Մահ­մե­տա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է հար­ցաքն­նեն, որ ի­րենց ե­րա­խա­նե­րը ինչ­պէս կրնան  զերծ պա­հել այս ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րէն։ Սա ճշմար­տու­թիւն է եւ վտան­գա­ւոր։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ըն­կե­րա­յին մե­տիա­յի մի­ջո­ցաւ այս ե­րե­ւոյ­թը կը բազ­մա­պատ­կուի։ Այս­պի­սի գա­ղա­փար­նե­րու դէմ աս­պա­րէզ պէտք է կար­դանք», ը­սաւ ան։

Իր կար­գին, Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած քա­րիւ­ղի ա­ռեւ­տու­րին վրայ։ Ռուս ղե­կա­վա­րը շեշ­տեց, որ ի­րենք տե­ղեակ են, թէ Ի­ՇԻՊ կը գան­ձատ­րուի քա­ռա­սուն եր­կիր­նե­րու կող­մէ։ «Ա­ւե­լի՛ն, Ի­ՇԻՊ-ի հա­մար ելմ­տա­կան մի­ջոց­ներ ա­պա­հո­վող եր­կիր­նե­րու շար­քին կը գտնուին այ­սօր G-20-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից ո­մանք», ամ­բաս­տա­նու­թիւն հաս­ցէագ­րեց ռուս ղե­կա­վա­րը։

Փու­թին ընդգ­ծեց, որ Ան­թա­լիոյ մէջ իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն ցոյց տուած է անջր­պե­տէն կամ օ­դա­նա­ւե­րու մի­ջո­ցաւ կա­տա­րուած նկա­րա­հա­նում­ներ, ո­րոնք կը ցո­լաց­նեն ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուող քա­րիւ­ղի ա­պօ­րի­նի ա­ռեւ­տու­րին հա­սած հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը։ «Նաւ­թա­տար­նե­րու շա­րա­սիւ­նե­րուն եր­կա­րու­թիւ­նը կը հաս­նի տաս­նեակ քի­լօ­մեթ­րե­րու։ Տե­ղեակ ենք նաեւ, որ Ի­ՇԻՊ-ի կող­մէ բռնագ­րա­ւուած Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ տա­րածք­նե­րէն գտնուած պատ­մա­կան հնու­թիւն­նե­րու վա­ճառ­քին։ Այս ելմ­տա­կան աղ­բիւրն ալ պէտք է կան­խուի», նշեց Փու­թին, ո­րու հա­մոզ­մամբ Սու­րիոյ մէջ ա­ռաջ­նա­հերթ գոր­ծը պէտք է ըլ­լայ Ի­ՇԻՊ-ի պար­տու­թեան մատ­նուի­լը։ Միայն այդ փու­լէն վերջ է, որ կա­րե­լի է խօ­սիլ Սու­րիոյ մէջ անհ­րա­ժեշտ բա­րե­փո­խում­նե­րուն շուրջ։ Փու­թին Ան­թա­լիոյ մէջ կրկնեց Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ու­ժե­րը հա­մախմ­բե­լու կո­չը։ «Օ­լանտ շատ խիստ դիր­քո­րո­շում մը ու­նէր Է­սա­տի դէմ։ Ի՞նչ ե­ղաւ։ Այդ դիր­քո­րո­շու­մով կա­րե­լի ե­ղա՞ւ Փա­րի­զը զերծ պա­հել ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րէ. ո՛չ», ա­ւել­ցուց Փու­թին, ո­րու խօս­քե­րով Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան հա­մա­կար­ծիք են Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով կար­գա­ւո­րե­լու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015