Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՄԱՐՄԱՐԱ ԾՈՎՈՒՆ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺՆԵՐ
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Մարմարա ծովուն մէջ տեղի ունեցան երկու իրերայաջորդ երկրաշարժներ։ Վարչապետարանի Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան համապատասխան բաժանմունքէն տեղեկացուցին, թէ երկրաշարժին էփիկեդրոնը շուրջ 20 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Ավճըլարի, Պահչելիէվլէրի, Զէյթինպուրնուի, Քիւչիւքչեքմեճէի եւ Պիւյիւքչեքմեճէի նման բնակութեան կեդրոններէն։
Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին յայտնեց, թէ երկրաշարժին սաստկութիւնը ռիխթէրեան չափանիշով կը հասնէր 4-ի։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015