ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարն ու եւրոպացի դեսպանները քննարկումներ ծաւալեցին «Սպառազինութիւններու մասին կլոպալ պայմանագիր»ի վերաբերեալ։ Եւրոպացի դեսպանները այս կապակցութեամբ Նալպանտեանի նկատառման յանձնեցին իրենց դիրքորոշումը, իսկ նախարարը անդրադարձաւ Երեւանի ղեկավարութեան մօտեցումներուն։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած վերոյիշեալ հանդիպման բովանդակութեան մասին։ Յամենայնդէպս, ծանօթ է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը երկար տարիներէ ի վեր մեծ զգայնութեամբ կը հետեւի սպառազինութիւններու խնդրին եւ միջազգային հարթութեան վրայ վաղուց ահազանգ կը հնչեցնէ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած վտանգաւոր մրցավազքի թափին կապակցութեամբ: