ՑԻՓՐԱՍԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԸ
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Ան առաջին անգամ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուի՝ Յունաստանի վարչապետ դառնալէ վերջ։ Ցիփրաս այսօր երեկոյեան ժամերուն կը հասնի Իսթանպուլ, ուր կը դիտէ Թուրքիա-Յունաստան ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն բարեկամական մրցումը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, վաղը առաւօտ ան պիտի այցելէ Ֆենէրի Յունաց Պատրիարքարանը՝ հիւրընկալուելով Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։ Աւելի վերջ Ցիփրաս պիտի անցնի մայրաքաղաք Անգարա, ուր նախատեսուած են իր հանդիպումները Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։
Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան գաղթականաց ճգնաժամի յաղթահարման վերաբերեալ հարցերը։ Աթէնքի իշխանութիւնները ներկայիս յղացած են առաջարկ մը, ըստ որու Սուրիայէն դուրս եկած գաղթականները Թուրքիոյ մէջ արձանագրուելէ վերջ ապահով ճանապարհներով պէտք է ուղարկուին դէպի եւրոպական երկիրներ՝ որպէսզի անոնք զերծ մնան Եգէականի ջուրերուն մէջ խեղդուելու վտանգէն։
Բաց աստի, Անգարայի բանակցութիւններուն ընթացքին կը քննարկուին Կիպրոսի հիմնախնդիրը, երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։