ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային բանակցութիւններու արդիւնքին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Վիեննայի մէջ միջազգային բեմահարթակի յառաջատար երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած էր Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման որոնումներու պարագային։ Խումբ մը լրագրողի հետ զրուցելու ընթացքին Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յայտնեց, թէ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատ բացարձակապէս պիտի չմասնակցի երկրին մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն։
Սինիրլիօղլուի խօսքերով, Սուրիոյ մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման զուգահեռ պիտի սկսի տասնութ ամսուան գործընթաց մը, որու տեւողութեան ընդունուելիք նոր սահմանադրութիւնով պիտի ձեռնարկուի ընտրութիւններու։ Երբ որ նոր կառավարութիւնը կազմուի եւ ստանձնէ գործադիր բոլոր իրաւասութիւնները, այդ փուլին յաջորդելիք վեց ամսուան ընթացքին, ընդհանուրին կողմէ համաձայնեցուած ձեւով Պեշար Էսատ իշխանութենէն պիտի բաժնուի եւ թեկնածու պիտի չըլլայ ընտրութիւններուն համար։ Ըստ նախարարին, միջազգային հարթութեան վրայ համախոհութիւն կը տիրէ, թէ Սուրիոյ ճգնաժամը պէտք է լուծման յանգի քաղաքական գործընթացով մը։ Յառաջիկայ Յունուարի 1-ի դրութեամբ վերոյիշեալ գործընթացը պիտի սկսի եւ վեց ամիս վերջ Սուրիոյ մէջ նոր կառավարութեան մը ստեղծումը կը նախատեսուի։ Այդ նորաստեղծ կառավարութիւնը պիտի ստանձնէ գործադիր բոլոր իրաւասութիւնները, ինչ որ նախապէս տեղ գտած էր Ժընեւի յայտարարութեան մէջ։
Բաց աստի, Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու շեշտեց, թէ Թուրքիա չի նախատեսեր իր ցամաքային զօրքերը մտցնել Սուրիա։ Անգարայի ղեկավարութիւնը անվտանգութեան առումով նախազգուշական միջոցներ նախատեսած է «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ Նախարարը չէ բացառած նոր գործողութիւններու հաւանականութիւնը, սակայն անոնց բնոյթին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելը յարմար չդատեց։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպաման ալ յայտարարեց, որ Պեշար Էսատ տեղ չունի Սուրիոյ ապագային մէջ։
ԻՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄՈԿԵՐԻՆԻ
Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան Արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ ԵՄ պէտք է սկսի մշակել իր սեփական անվտանգութեան կլոպալ ռազմավարութիւնը։
Եւրոպական պաշտպանական գործակալութեան համաժողովին ընթացքին Մոկերինի առաջին անգամ յայտարարեց, թէ եւրոպական երկիրները պէտք է աւելցնեն ռազմական ծախսերը։ «Պաշտպանութեան ոլորտէն ներս մեզի համար անհրաժեշտ է գործողութիւններու եւրոպական ծրագիր մը», համոզուած է յանձնակատարը։