ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Այսօր, Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն հանդիպումը, որ ութերորդն է իր նմաններու շարքին։ Այս հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի տանտիրութեամբ։ Օրուան տեւողութեան ժողովականները կը հիւրընկալուին նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերու գծով յանձնակատար Եոհաննէս Հան, ԵՄ-ի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ժան-Քրիստոֆ Պէյար եւս կը մասնակցին սոյն ժողովին։ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից պետութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները կը ծաւալեն քննարկումներ, որոնց աւարտին նախատեսուած է նաեւ պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն համատեղ մամլոյ ասուլիսը։
Նոյնպէս այսօր, Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու գիտութեան ու փորձագիտութիւններու նախարարներու՝ հետազօտութեան եւ նորարարութեան հարցերուն ձօնուած երկխօսութիւնը։