Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՄՈԼՏԱՎԻՈՅ ՀԵՏ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ
Մոլտավիոյ Փոխ-վարչապետ, արտաքին գործոց եւ Եւրոպայի հետ համարկման գծով նախարար Անտրէյ Քալպուր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Նալպանտեան եւ Քալպուր այս ուղղութեամբ ստորագրեցին նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016