ՇԵՇՏԸ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Պրիճիթ Պրինք երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցան ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտին հետ, որ պատասխանատու է Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ վերաբերեալ հարցերէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ներկայ փուլը։
Սերժ Սարգսեանի հետ զրուցելու ժամանակ Պրիճիթ Պրինք գոհունակութեամբ անդրադարձաւ այցելութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ ունեցած քննարկումներուն։ Ըստ իրեն, անոնք կը լրացնեն անցեալ ամիս Ուաշինկթընի մէջ յաջողութեամբ տեղի ունեցած Հայաստան-ԱՄՆ միջկառավարական աշխատանքային խումբի հանդիպումներուն արդիւնքները։ Միեւնոյն ժամանակ Պրինք վստահեցուց, որ ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմը պիտի շարունակէ հետաքրքրուած ըլլալ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային զարգացումներով, նաեւ պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման նպատակով վստահութեան միջոցներու ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։ Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Սերժ Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական օրակարգի առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս հայկական կողմին մօտեցումները։
Պրիճիթ Պրինք Եդուարդ Նալպանտեանի հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ ամերիկեան կողմը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները ու շահագրգռուած է անոնց ապագայ խորացմամբ։ Զրուցակիցները անդրադարձան առեւտրատնտեսական երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, կարծիքներ փոխանակեցին Առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդի գործունէութեան, Հայաստան-ԱՄՆ տնտեսական հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն շուրջ։ Նալպանտեան եւ Պրինք ուշադրութիւն կեդրոնացուցին նաեւ այն հարցերուն վրայ, որոնք կը վերաբերին ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման նպատակով Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականցման։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հրատապ խնդիրներու շուրջ։