ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐ ԳՈՐԾՈՒՂՂԵԼՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՈՐՈՇՄՆԱԳԻՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Ազգային մեծ ժողովը այսօր կը քննարկէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ուղարկուած որոշմնագիրը, որով կը նախատեսուի զինուորներ գործուղղել Ատրպէյճան։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, խորհրդարանի նախագահութեան ուղարկուած հրամանագրով նախատեսուած է առաջին փուլին հաղորդակցութեան նպատակով սպաներ ուղարկել Ատրպէյճան։ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարը վերահսկելու նպատակով Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը պատրաստուին համատեղ կեդրոն մը ստեղծելու։ Ատրպէյճան ուղարկուելիք զինուորները ռուսական բանակին հետ այդ կեդրոնէն ներս պիտի պաշտօնավարեն՝ ապահովելու համար տարածքաշրջանի ժողովուրդներու անդորրը եւ ազդու ձեւով հետամուտ ըլլալու համար Թուրքիոյ գերագոյն շահերուն։

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, անցեալ շաբաթավերջին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած էին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Թուրք սպաներու համատեղ կեդրոնէն ներս պաշտօնավարութեան շուրջ որեւէ խնդիր չէ յառաջացած։ Թուրքիա փափաքած է նաեւ դաշտի վրայ պաշտօնավարելիք զօրքին մէջ ալ տեղ առնել, իսկ ռուսական կողմը այս պահանջին կապակցութեամբ նախընտրած է Մոսկուայի մէջ խորհրդակցութիւններ ունենալ։ Այս պատճառով կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի երրորդ բանակցային փուլէ մը անցնին։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու վերջին օրերուն տեսակապով բանակցութիւններ վարելէ վերջ յուշագիր մը ստորագրած էին՝ ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի մը ստեղծման շուրջ, Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման նպատակով։ Հայկական կողմն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի այս իրադարձութիւններուն։ Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ միշտ կը հերքուի Լեռնային Ղարաբաղէ ներս թուրք խաղաղապահներու տեղակայման գաղափարը։ Երէկ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ անդրադարձաւ խորհրդարան ուղարկուած որոշմնագրին։ Ըստ իրեն, սա Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութիւնով նախատեսուած ներքին ընթացակարգ մըն է։ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս պիտի գտնուի նաեւ դիտորդական կեդրոն մը, ուր պէտք է ուղարկուին թուրք զինուորականներ։ «Սա ներքին ընթացակարգերու իրականացում մըն է, Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներքին օրէնսդրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգեր են։ Թուրքիոյ ներքին խնդիրն է», ըսաւ Փեսքով։ Բաց աստի, ան նշեց, որ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս համատեղ դիտարկման կեդրոնի մը ստեղծման համաձայնութիւնը Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ երկկողմանի պայմանաւորուածութիւններու արդիւնքն է։

Մինչ այդ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Անոնք անդրադարձան հրադադարի յաջորդած պայմաններուն ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած իրավիճակին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2020