ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղղուած իր կարճ, ձեռագիր նամակը, որով ան լքեց իր պաշտօնը։

Նիկոլ Փաշինեան աւելի վերջ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ նշեց, որ որոշած է արտաքին գործոց նախարարը ազատել իր պաշտօնէն։

Հարկ է նշել, որ Զօհրապ Մնացականեան 12 մայիս 2018 թուականին նշանակուած էր արտաքին գործոց նախարար։ Մինչ այդ, ան ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչն էր, իսկ աւելի առաջ ալ զբաղեցուցած էր դիւանագիտական բարձր պաշտօններ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2020