ԸՍՏ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐԷ ԶԵՐԾ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ԵՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ համայն հայութեան ուղղեալ պատգամով մը։ Հայոց պետականութեան տեսակէտէ ստեղծուած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ իր կողմէ կատարուած հաստատումները եւ օրակարգի վրայ բերուած լուծման առաջարկները ունին պատմական բնոյթ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յանգած համոզումը, թէ երկրէն ներս իշխանափոխութիւնը դարձած է անխուսափելի հրամայական։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը հրատարակենք Արմէն Սարգսեանի պատգամին բնագիրը։

Սիրելի հայրենակիցներ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ,

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը ներկայիս կ՚ապրի մեր ազգի հազարամեայ պատմութեան ամենաշրջադարձային պահերէն մին։ Այն նպատակները, որոնց ազգովին կը ձգտէինք մայր հայրենիքի բաղձալի անկախացումէն յետոյ, սասանուած են։ Մենք պարտուեցանք մեզի պարտադրուած պատերազմին մէջ՝ ինչպէս ռազմադաշտի վրայ, այնպէս ալ դիւանագիտական եւ միջազգային հանրային հարթակներու մէջ։ Կրկին կը ցաւակցիմ զոհուածներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում։

Մենք զաւակներն ենք ցեղասպանութիւն վերապրած ու յաղթահարած ժողովուրդի մը։ Կարելի է պարտուիլ ռազմաճակատի վրայ, բայց անթոյլատրելի է պարտուիլ որպէս ազգ։ Սեփական ձեռքերով վառած տունը եւ կորսուած հայրենիքը կարելի է վերականգնել միայն մէկ ձեւով՝ վերագտնելով մեր յաղթանակը եւ կառուցելով այն պետութիւնը, որով բոլորս իսկապէս հպարտ կ՚ըլլանք։ Եւ մենք այս բանը վստահաբար կրնանք ընել՝ սթափ գնահատելով իրավիճակը, դասեր քաղելով թոյլ տրուած սխալներէն եւ համախմբուած լծուելով ազգային վերածնունդի։ Ինչպէս որ ալ ըլլան անցեալի վերաբերեալ մեր գնահատականներու տարբերութիւնները, ակնյայտ է, որ յայտնուած ենք աննախադէպ խնդիրներու առջեւ։ Արցախը ծանր վիրաւոր է։ Ունինք ալեկոծուած հասարակութիւն։ Վիրաւոր տնտեսութիւնը ծանրաբեռնուած է ընկերային վիթխարի խնդիրներով։ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուածներու մեծ հոսքի հետեւանքով առկայ է մարդասիրական աղէտ։ Չափազանց բարդ է նաեւ համաճարակով պայմանաւորուած իրավիճակը։ Ի վերջոյ, խոցուած է հայու հոգին՝ աշխարհի որեւէ անկիւնին մէջ։

Մեր երկիրը այլեւս այն երկիրը չէ, որ ունէինք սեպտեմբերի 26-ին եւ նոյնիսկ այն չէ, որ ունէինք նոյեմբերի 8-ին։ Մենք չենք կրնար անտեսել այս իրականութիւնը եւ շարունակել ապրիլ սովորական կեանքով։

Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին, պահու հրամայականին համահունչ, քաղաքական խորհրդակցութիւններ եւ քանի մը տասնեակ հանդիպումներ ունեցած եմ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, հասարակական զանազան կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ։ Հեռախօսազրոյցներ ունեցած եմ սփիւռքի զանազան կառոյցներու եւ մեր հայրենակիցներու հետ։ Հանդիպումներու մասնակիցներու բացարձակ մեծամասնութիւնը համակարծիք են հարցի մը մէջ՝ Սահմանադրութեան համապատասխան վարչապետի հրաժարական կամ պաշտօնավարման դադրեցում եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Ակնյայտ է, որ հակառակ պատերազմի դադրեցման, Արցախի Հանրապետութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը կը թեւակոխեն նոր փորձութիւններու շրջան մը, ուր իւրաքանչիւր սխալ կրնայ աղիտալի հետեւանքներ ունենալ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայ ժողովուրդին համար այլընտրանք չկայ՝ քան ըլլալ միասնական եւ համախմբուած։ Այս օրերուն մեզմէ իւրաքանչիւրը, յատկապէս քաղաքական գործիչները եւ պետական պաշտօնեաները պէտք է դրսեւորեն բարձր պատասխանատուութիւն եւ զսպուածութիւն՝ ջանքերը կեդրոնացնելով բացառապէս ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու ուղիներ փնտռելու վրայ։ Այս իրավիճակին մէջ կ՚ուզեմ դիմել իրաւապահ մարմիններուն։

Դուք այսօր շատ մեծ պատասխանատուութիւն ունիք՝ նախ եւ առաջ մեր երկրին մէջ ապահովելու կարգ ու կանոն, ըլլալ ամուր, վճռական, բայց, միեւնոյն ժամանակ, իւրաքանչիւր անգամ, իւրաքանչիւր առիթով յիշելով, որ ձեր դիմաց ձեր քոյրն է կամ եղբայրը։ Որեւէ շեղում, օրէնքի եւ օրինականութեան որեւէ խախտում, անընդունելի եւ աններելի է։ Կոչ կ՚ուղղեմ ձեզի՝ պահպանել ու պաշտպանել օրէնքը եւ օրինականութիւնը։ Հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու արդիւնքով ձեւաւորուած իմ դիտարկումները հետեւեալն են.

Հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը եւ զայն արժանապատուօրէն յաղթահարելու հրամայականը, ականջալուր ըլլալով հանրային պահանջին՝ ակնյայտ է, որ երկիրը ցնցումներէ զերծ պահելու համար ի վերջոյ անխուսափելի պիտի ըլլան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները։ Այս համատեսքին մէջ, իմ կարծիքով, միակ պատասխանն ու մօտեցումը կրնայ ըլլալ կառավարութեան եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող քաղաքական ուժի կողմէ սեփական ներուժի առարկայական գնահատականը եւ սեղմ ժամկէտի մէջ ներկայացումը ճանապարհային քարտէսի մը, որով կը նախատեսուին համապատասխան սահմանադրական գործընթացներու նախաձեռնման ժամկէտները, որոնց արդիւնքով հնարաւոր կ՚ըլլայ իրականացնել Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ, իսկ մինչ այդ կառավարումը կը յանձնուի բարձր որակաւորումով ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մը։

Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ բնակող ամբողջ հայ ժողովուրդի համար այս դժուարին օրերուն ճգնաժամը յաղթահարելու ուղղեալ իմ վերոյիշեալ դիտարկումները կը բխին բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերէ։ Կը յուսամ, թէ քաղաքական բոլոր ուժերը կը գիտակցին պահու պատասխանատուութիւնը եւ արժանապատուօրէն կ՚իրականացնեն պատմական առաքելութեան  իրենց մասը։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ այսօր Հայաստանին կը հետեւին բոլորը՝ թէ՛ մեր բարեկամները եւ թէ մեր թշնամիները։ Մենք ուրիշ պարտականութիւն չունինք՝ բացի մեր երկիրը հզօրացնելէ։ Մենք ուրիշ ճանապարհ չունինք՝ բացի ժողովուրդը համախմբելէ, տուրք չտալով հասարակութեան պառակտման վտանգ պարունակող որեւէ խօսքի եւ քայլի։ Միայն միասնականութեամբ մենք կը կարողանանք պարտութեան բեռի տակ ճկուած վիճակէն ուղղել մեր մէջքը եւ թէ՛ մեզի, թէ՛ ապագայ սերունդներն ու համաշխարհային հանրութեան ներկայանալ որպէս զաւակները այնպիսի ժողովուրդի մը, որուն յաղթելը անհնարին է։

Վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը պատուով եւ յաղթական դուրս կու գայ ստեղծուած դժուարին իրավիճակէն։

Աստուած պահապան բոլորիս։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2020