ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ՁԱՅՆԱՍԿԱՒԱՌԱԿԸ

Աշխարհահռչակ ECM ձայնագրման աշխատանոցը, որ աշխատանք կը ծաւալէ Միւնիխի մէջ, Գերմանիա, թողարկած է հայկական երաժշտական կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեանի «Հոգւով իմոյ» (Con anima) հեղինակային ձայնասկաւառակը, որուն մէջ ընդգրկուած է սիրուած յօրինողի վեց ստեղծագործութիւնը:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան թղթակցի հետ զրոյցի ընթացքին Տիգրան Մանսուրեան ըսաւ, որ սկաւառակը կ՚ամփոփէ վերջին տարիներուն իր ստեղծած քամերային գործերը: «Այս ձայնագրութիւններու մէջ կարեւոր ուղղուածութիւն ունին հոգեւոր երաժշտութեան աւանդոյթները: Այդ նկատի ունենալով՝ գործերէն մէկը անուանած եմ «Գառն Աստուծոյ», իսկ «Եկեղեցական սոնաթը» նուիրուած է Կոմիտասի յիշատակին», ըսաւ Մանսուրեան:

Սկաւառակին անդրադարձած է յայտնի երաժշտական քննադատ Նորմըն Լեպրեխտ, որու կարծիքով՝ այս լարուած ու դժուար ժամանակներու մէջ «Con anima»ն կրնայ դառնալ կեանքի յառաջիկայ 15 վայրկեանը անցընելու լաւագոյն ձեւը:

Երաժշտական քննադատը ընդգծած է, որ ջութակի, քլարինեթի, թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար գրուած եւ վաղամեռիկ ջութակահար Օլեկ Քականի յիշատակին նուիրուած «Agnus Dei» ստեղծագործութիւնը հոգեւոր երգ մըն է։

«Մանսուրեանի ձայնը անշփոթելի է։ Անոր լեզուն հայերէնն է, սակայն անոր երաժշտութիւնը դրոշմուած է նուազականութեան, ապաձայնութեան եւ մանրաձայնային համակարգի յղումներով», նշած է Լեպրեխտ ու յիշեցուցած է, որ ECM ընկերութիւնը տարիներ շարունակ անդրադարձած է Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններուն:

«Յոյս յայտնենք, որ Մանսուրեան կարենայ շարունակել ստեղծագործել խաղաղ պայմաններու ներքոյ», եզրափակած է երաժշտական քննադատը:

Նորմըն Լեպրեխտ երաժշտութեան, մշակոյթի եւ մշակութային քաղաքականութեան հարցերով գրող ամենաընթերցուած քննադատներէն մին է։ Ան կանոնաւոր հաղորդումներով հանդէս կու գայ «BBC Radio 3»ի մէջ ու կը թղթակցի «Wall Street Journal», «Bloomberg», «Standpoint», «Sinfini» եւ այլ հրատարակութիւններու։ Անոր առցանց գրառումներու մատեանը՝ «Slipped Disc»ը, մշակութային ամենաընթերցուած կայքէջերէն մէկն է:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2020