2020 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԲԱՌԸ՝ «ԼՈՔՏԱՈՒՆ»

«Collins» բառարանը 2020 թուականի բառ ընտրած է «լոքտաուն»ը։ Այսպէս, անգլերէն լեզուի «Collins Dictionary» բառարանը 2020 թուականի բառ ընտրած է «լոքտաուն»ը (lockdown), որ կը մարմնաւորէ «միլիառաւոր մարդոց ընդհանուր փորձը»:

Համավարակի պայմաններու տակ բառարանագիրները արձանագրած են այդ բառի գործածման յաճախականութեան կտրուկ բարձրացում՝ 250 հազար դէպք՝ 2019 թուականի 4 հազար դէպքի փոխարէն:

Բացի «լոքտաուն»էն, տարուայ բառերու ցանկի առաջին տասնեակին մէջ տեղ գտած են «արձակուրդ առանց աշխատավարձի վճարման»ը («furlough»), «աշխատակից, որու ներկայութիւնը անհրաժեշտ է աշխատանքի մէջ» («key worker»), «ինքնամեկուսացում»ը, «ընկերային հեռաւորութիւն»ը եւ «քորոնաժահր»ը:

Համավարակի հետ չկապուած բառերու տասնեակին մէջ տեղ գտած են «Megxit»ը (բառ, որ համահնչիւն է BREXIT-ին, որ կը նշանակէ արքայազն Հերիի եւ կնոջ՝ Մեկընի դուրս գալը թագաւորական ընտանիքէն), «BLM» («Black Lives Matter» հակացեղապաշտական շարժման անուանումը), «TikToker»ը («TikTok» հարթակի օգտատէր) եւ «mukbang»ը («մաքպենկ», հեռարձակում, որու ընթացքին տեսապլոքըրը կը միաւորուի՝ հաղորդակցուելով լսարանի հետ): 2019 թուականին «Collins»ը տարուայ բառ հռչակած է «կլիմայական գործադուլ»ը, 2017 թուականին՝ «ֆէյք-նիուզը»։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2020