ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԶԱՆԳԵՐ

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի անժամանակ վախճանման արձագանգները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը նախատեսուած են նորոգ վախճանեալ հայր սուրբի վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը, պետական աւագանին ալ կը շարունակէ արձագանգել եւ վշտակցութիւն յայտնել։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հեռախօսազանգեր ստացաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի եւ Արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլի կողմէ։ Թէ՛ խորհրդարանի նախագահը եւ թէ նախարարը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անձին մէջ վշտակից եղան մեր հոգեւորականաց դասուն, ամբողջ համայնքին եւ ի մասնաւորի վախճանեալ հայր սուրբի ընտանեկան պարագաներուն։

Վշտակցութիւններուն փոխարէն Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հետաքրքրութեան ու զգայնութեան համար։

Նորոգ վախճանեալ հայր սուրբի վերջին օծումը պիտի կատարուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021