ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ մեր կողմէ հնչեցուած ահազանգը լայն արձագանգ գտած է հայ իրականութեան մօտ։ Սփիւռքեան մամուլը սկսած է տեղ տալ հայ մամլոյ նահապետի մատնուած կացութեան։ Այս ծիրէն ներս, Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը, որ սփիւռքի ամենահեղինակաւոր լրատուամիջոցներէն մին է, խմբագրականով մը անդրադարձած է այս տագնապին՝ յայտնելով իր զօրակցութիւնը։ Այսօր կը ներկայացնենք այս յօդուածը, որուն համար շնորհակալ ենք «Ազդակ»ի պատուարժան խմբագրութեան՝ մանաւանդ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին։

Միւս կողմէ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ վերջին օրերուն TET Ajanda առցանց հարթակին վրայ Շահնուր Գազանճըի կողմէ կատարուած հարցազրոյցն ալ ծաւալուն արժեւորումի մը առիթ դարձաւ՝ թէ՛ թերթիս առկայ կացութեան եւ թէ ընդհանրապէս պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու պայմաններով լրատուութեան դաշտի ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Շուրջ մէկուկէս ժամուան երկարաշունչ ծրագիր մըն էր այս մէկը։ Հեռավար զրոյցի ատեն Շահնուր Գազանճը օրակարգի վրայ բերաւ զանազան հարցումներ, որոնց շուրջ Արա Գօչունեան մանրամասն խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ։

Ի պատասխան հարցումներուն՝ Գօչունեան յայտնեց, որ պոլսահայ մամլոյ հիմնական խնդիրները երկու առանցքի շուրջ կը բիւրեղանան. առաջինը՝ տնտեսական, իսկ երկրորդը՝ մարդուժի պատրաստութիւն։ Վերջին երկու-երեք տասնամեակի կտրուածքով ան ներկայացուց այդ հարցերու հոլովոյթը։ Յատկապէս թերթիս դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին խօսելով՝ մեր խմբագիրը դիտել տուաւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը թէեւ համահայկական մակարդակով հետաքրքրութիւն կը վայելէ, սակայն, վերջին հաշուով պոլսահայութեան միջավայրին մէջ, անոր իրականութեան համապատասխան կ՚արտադրուի, ուստի, ըստ էութեան, կը սնուի նաեւ համայնքի միջոցներէն։ Զանազան հանգամանքներ մատնանշելով՝ ան նշեց, որ վերջին տարիներուն թերթի սնման միջոցները սիստեմաթիք կերպով խցանուած են եւ այս ընթացքը հրահրուած է կարգ մը շրջանակներու կողմէ։ Համայնքային կառոյցներու այդ վերաբերմունքին վրայ բարդուած են համավարակով յառաջացած ծանր պայմանները։ Այս բոլորը անդունդի եզրին բերած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որու խմբագրական անկախութեամբ գոյատեւելուն համար անհրաժեշտ ներուժը սպառած է։

Արա Գօչունեան կարծիքներ յայտնեց նաեւ համայնքին մէջ մամուլէն զլացուած, խնայուած միջոցներուն շուրջ։ Այսպէս, համայնքէն ներս զօրակցութեան պակասով եթէ տուժեն կամ չգոյատեւեն մեր զանազան կառոյցները, ապա վերջին հաշուով մսխուած կ՚ըլլան մեր հաւաքական միջոցները, որոնք կրնան կատարեալ ձեւով արժեւորուիլ միայն մեր կառոյցներու կենսունակութեամբ։ «Ուստի, վարչայինները պէտք է մտածեն համայնքին միջոցները արժեւորելու մասին», ըսաւ մեր խմբագիրը։

Շահնուր Գազանճըի հարցումներէն մին էր, թէ արդեօք տպագիր մամուլի դիմագրաւած ծանր վիճակի միակ պատասխանատուն ընկերային ցանցե՞րն են։ Այս կապակցութեամբ Գօչունեան յայտնեց, որ իրականութիւններու հետ հաշտ պէտք է ըլլալ եւ լրատուութեան դաշտը, արհեստավարժ տեղեկատուութեան կազմակերպման գործը պէտք է պատկերացնել իր ամբողջին մէջ։ Այսօր աշխարհի բոլոր հսկայական մետիայի խմբաւորումները ամենայն տեսակաւորութեամբ կ՚իրականացնեն իրենց գործունէութիւնը։ Մեր համայնքն ալ, իր չափերուն եւ պայմաններուն համեմատ, լրատուամիջոցներու զանազանութիւնը երաշխաւորելով կրնայ ունենալ արդիւնաւէտ լրատուութեան դաշտ մը՝ մանաւանդ չանտեսելով նաեւ մայրենիի գործածութեան սկզբունքային կարեւորութիւնը։

Գազանճը Գօչունեանին ուղղեց նաեւ ուրիշ յատկանշական հարցում մը՝ վերյիշելով վերջին պատրիարքական ընտրութեան շրջանը։ Չէ՞ որ Արա Գօչունեան պատգամաւորի թեկնածու եղած էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որ չյաջողեցաւ ընտրուիլ եւ չէր փափաքեր, որ ընտրութիւն ըլլայ։ Այս բոլորին պատճառով կրնա՞յ տուժած կամ թիրախաւորուած ըլլայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Ի պատասխան՝ Արա Գօչունեան նախ ընդգծեց, որ ինք անձամբ պատգամաւորի թեկնածու եղած էր եւ այդ պարագան սկզբունքօրէն կապ չունէր թերթին հետ։ Բայց քանի որ համայնքէն ներս կառոյցները շատ նոյնացած են անձերով՝ այդ շրջանին զանազան մեկնաբանութիւններ մտան շրջանառութեան մէջ։ Գօչունեան նշեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր դէմքերը պատմութեան ընթացքին միշտ ներկայացած են պատգամաւորի թեկնածու՝ Միսաք Գօչունեանէն եւ Մարտիրոս Գօչունեանէն սկսեալ, մինչեւ Նատիա Գօչունեան։ Սա եղած է յանձնառութեան մը դրսեւորումը։ Բայց, նշեց Արա Գօչունեան, անկողմնակալ լրատուամիջոց մը ըլլալ չի նշանակեր ըլլալ անգոյն։

Խորհրդածութեան ընթացքին ան համամիտ չգտնուեցաւ, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան չէ փափաքած ընտրութեան երթալ։ «Այդ շրջանին համայնքը բաժան-բաժան եղաւ եւ այդ պառակտումները այժմ միայն մասամբ յաղթահարուած են։ Իւրաքանչիւր բեւեռ կը փափաքէր ընտրութեան երթալ, սակայն, իւրաքանչիւրը իր նախատեսած, ընկալած ձեւով։ Իւրաքանչիւրը կը ձգտէր միւս բեւեռը ծունկի բերելով իրացնել իր պատկերացուցած ձեւը։ Բայց, իրականութիւնը այնպէս էր, որ որեւէ կողմի ներուժը բաւարար չէր իր նախընտրածը միւսներուն պարտադրելու։ Լուծումը միայն քոնսենսիւսով մը կրնար ըլլալ, սակայն այդ մէկը ապահովել կարելի չեղաւ։ Այդ վիճակին մէջ բոլորը փորձեց արդարանալ յաչս համայնքի աչքին։ Քանի որ մթնոլորտն ալ յարմար էր պիտակաւորումներու՝ իւրաքանչիւրը դիմացինը կը մեղադրէր ընտրութիւն չուզելով եւ ընտրութիւնը վիժեցնելով», ըսաւ Արա Գօչունեան։

Հուսկ, Գօչունեան կոչ ուղղեց, որպէսզի բնականոն աշխատանքը վերականգնուի համայնքային կառոյցներուն եւ մամուլին միջեւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021