ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԵՏ ԳԱՑԱԾ ԵՆՔ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆՔ»

Մեծ տեղաշարժներ կ՚արձանագրուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Անշուշտ, խօսքը զարգացումներուն մասին է Սուրիոյ, ուր վերջերս երեւելի դարձան մի քանի «ազդեցիկ» նշաններ, որոնց ամենակարեւորը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զայիտի Դամասկոս տուած «յանկարծակի» այցելութիւնն էր։ Այդ մէկը դարձաւ ո՛չ միայն շրջանային մամուլի գլխաւոր նիւթը, այլեւ՝ «մեր տարտեր»ով տագնապող ազդեցիկ տէրութիւններու հիմնական լուրն ու «ուղղութիւն»ը։ Զայիտ, որ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ, ձեւով մը եղաւ «ասֆալթապատող»ը այն ճանապարհին, որ վերջին ամիսներուն սկսած էր բացուիլ դէպի Դամասկոս։

Ուշագրաւը այն է, որ այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենար այն պահուն, երբ Արաբական ծոցի «մեծաւոր»ը համարուող Սէուտեան թագաւորութիւնը կը խզէր իր բոլոր կապերը Լիբանանին հետ, նաեւ ձեւով մըն ալ «կը ստիպէր», որ նոյնը ընէին իրեն «մօտիկ» երկիրները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քուէյթը եւ Պահրէյնը։

Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-Սուրիա յարաբերութիւնները միշտ ալ (ներքուստ) եղած են բարձր մակարդակի։ Երկու կողմերն ալ խուսափած են այդ առումով բացայայտումներ կատարելէ, բայց եւ այնպէս, շարունակուած են հակառակ թէժ պատերազմին ու տեղ մըն ալ արաբական աշխարհին կողմէ Պեշար Էսատի անձը «սեւացնելու» միտուած ամէն մակարդակի անյաջող փորձերու։

Նոյնիսկ այն օրերուն, երբ մայրաքաղաք Դամասկոսը եւ յատկապէս Էսատի բնակավայրը սկսած էր դառնալ վտանգաւոր եւ մօտեցած էր ըլլալու թիրախ՝ ահաբեկիչ զինեալներուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ յատուկ նախաձեռնութիւն մը վերցնելով համաձայն եղած էր, որ Էսատի ընտանիքի անդամները տեղափոխուին Տուպայի ու շրջանի մը համար ալ բնակին այդ երկրին մէջ։

Այս բոլորէն անդին, յատկապէս վերջին ժամանակներուն Սուրիոյ հանդէպ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը ունի ոչ միայն քաղաքական դրդապատճառներ, որոնց մեծ մասը կապուած է արեւմուտքի կողմէ Սուրիոյ համար «նախատեսուած» կամ նոյնիսկ պատրաստուած ծրագիրներու տապալումով, այլ նաեւ այդ երկրին մէջ օրէ օր երեւելի դարձող կայունութեան, հետեւաբար նաեւ տնտեսական իրավիճակի բարելաւումով ու վերակերտումով։ Անշուշտ, հիմնականը քաղաքական դրուածքն է, որովհետեւ շնորհիւ իր քաղաքականութեան (որուն հիմը դրուած, կեանքի կոչուած ու ապա «աշխատած» էր՝ Սուրիոյ հանգուցեալ նախագահ Հաֆըզ Էսատի անդուլ ճիգերով), Սուրիան կարողացաւ դիմադրել բոլոր մակարդակի թշնամական մօտեցումներուն ու հասնիլ այսօրուան իրադրութեան։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ լսելի սկսած են դառնալ Սուրիոյ մէջ «ամերիկեան ծրագիր»ի կարգ մը «համահեղինակներ»ուն «բաց խօսքեր»ը, ըստ որոնց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները «պարտուեցաւ» Սուրիոյ մէջ, կամ աւելի յստակ՝ «Սուրիոյ մէջ պարտուողը Ամերիկայի ծրագիրը եղաւ»։

Իբր այդ, կարեւոր կը համարեմ ներկայացնել ԱՄՆ-ի դիւանագիտական «խոհանոց»ի ամենայայտի դէմքերէն դեսպան Ճեֆրի Ֆիլտմընի խօսքերը՝ Սուրիոյ մէջ «ամերիկեան երազ»ի տապալման մասին։ Ֆիլտմըն, որ հարցազրոյց մը տուած էր արաբատառ «Շարք ալ Աուսաթ» թերթին, մասնաւորապէս կ՚ըսէր, որ իրենք ձախողեցան Սուրիոյ մէջ։ Ան խօսելով Սուրիոյ այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ տագնապի արմատներուն ու ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան մասին՝ ըսած էր, որ այսօր նախագահ Էսատի իշխանութեան համար ռազմական սպառնալիքներ չկան եւ Սուրիոյ հիմնական խնդիրը տնտեսական բարդ իրավիճակն է։

Անշուշտ, Սուրիոյ հանդէպ արաբական այս նոր մակարդակի «մերձեցում»ը անպայման չի նշանակեր, որ մէկ օրէն միւսը Սուրիան պիտի վերադառնայ իր անցեալի փառքի օրերուն, բայց ինչպէս բոլորին համար սկսած է յստակ դառնալ, թէ մեծ տեղաշարժերու այս ժամանակներուն Սուրիան պիտի համալրէ իր ուժերը ու դարձեալ դառնայ ազդեցիկ ուժ։

Ամէն պարագայի բաւական երկար խօսած ենք Սուրիոյ մասին, իսկ այսօրուան իմ խօսակիցը հայրենի արուեստագէտ, գեղանկարիչ եւ ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեանն է։ Ան ըլլալով Հալէպ քաղաքի երբեմնի բնակիչ, բաւականին հետաքրքրական դիտարկումներ կը կատարէ Հայաստանի ապրած իրավիճակին եւ ցաւէն ու մահէն դարձեալ ոտքի կանգնող Սուրիոյ ու անոր իշխանութիւններուն միջեւ։ Անշուշտ շատ դժուար գործ է համեմատել Սուրիոյ իշխանութիւնները այսօրուան Հայաստանի «իշխանութիւններ»ուն հետ։ Բայց եւ այնպէս, միով բանիւ յստակ է, որ երեք տարի առաջ Հայաստանի մէջ ընթացք առած իրադարձութիւնները «կլոպալ» առումով փոխկապակցուած են ու անպայմանօրէն կապ ունին «գունաւոր յեղափոխութիւններ»ուն ու այդ յեղափոխութիւնները կերտող թեւերուն հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրազդան Թոքմաճեանի հետ մեր կատարած հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Շատեր կ՚ըսեն, որ կարեւոր փուլ մը կը մտնենք, ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ, Կովկասի հանդէպ հետաքրքրութիւն, զարգացումներ, սակայն, ըստ երեւոյթին, զանազան երկիրներու «խաղ»ին մէջ մենք չկանք: Այսօր ի՞նչ է Հայաստանի սովորական քաղաքացիին տագնապը:

-Ես կը կարծեմ, որ մենք այս երեք տարուայ ընթացքին, օր առ օր կորսնցուցած ենք մեր պետականութիւնը։ Չեմ գիտեր, եթէ այսօր մենք պետականութիւն ունինք կամ ոչ։ Հայաստանի ներքին մթնոլորտը քաոսային դարձած է, բայց նաեւ ճիշդ է, որ Հայաստանի քաղաքացին իր սեփական նախաձեռնութիւնը պիտի ունենայ իրավիճակը փոխելու համար։ Կայ նաեւ իրականութիւն մը, որ արտաքին շահեր կը խաչաձեւուին մեր տարածաշրջանին մէջ ու պատկերը այնքան մը խճճուած է, որ տակաւին յստակ չէ, թէ արդեօք Հայաստանի քաղաքացիի ցանկութեամբ ինչ-որ բան պիտի փոխուի՞, թէ ոչ: Երբ 2018-ին իշխանափոխութիւնը եղաւ, մարդիկ կը կարծէին, որ իրենք են իշխանութիւնը փոխողը, բայց ես ընդհանրապէս համոզուած եմ, որ այդպէս չէր, մեծ ուժերն էին, որ իշխանափոխութիւնը իրականացուցին օգտագործելով Հայաստանի դժգոհութիւնները: Այդ պատճառով հիմա այստեղ դիւրիւն-դիւրիւն բան չի փոխուիր, եթէ մեծ խաղացողները եւս չկամենան, որ ինչ-որ բան փոխուի:

-Այսօրուայ ընդդիմութեան այս ուժը, որ գլխաւորն է Հայաստանի մէջ, ունի՞ «սայլը տեղէն շարժելու» կարողութիւն: Նկատելի է նաեւ, որ իշխանամէտ շրջանակներուն դէմ սկսած է դժգոհութիւնը աճիլ ու կրնայ հասուննալ: Դուք ինչպէ՞ս կը տեսնէք:

-Երանի այդպէս ըլլայ ու դժգոհութիւնը հասուննայ: Ես անցնող գարնան շրջանին նկատեցի, որ ժողովուրդի աշխոյժ ընբոստութիւնը որեւէ արդիւնք չտուաւ։ Ու այդ վիճակը մէջս կասկածներ արթնցուց, որ արդեօք հիմա ձեւաւորուող բողոքի նոր ալիք կրնա՞յ ինչ-որ բան փոխել մեր երկրին մէջ։ Փաստ է նաեւ, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ արագօրէն բաներ մը կը փոխուին եւ շատ հնարաւոր է, որ այդ փոփոխութիւնները ազդեն Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ։

-Դուք երկար ժամանակով Հալէպ ապրած էք եւ Հալէպը կարծէք վերջին «կայանն» էր «արաբական գարնան»: Որեւէ առընչութիւն տեսա՞ք այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութեան» եւ Սուրիոյ զարգացումներուն միջեւ։

-Հալէպի փորձառութենէն ելլելով, 2018 թուականին, սկիզբէն արդէն ինծի համար հասկնալի էր, որ եղածները ներքին պահանջով փոփոխութիւն մը չէին։ Կար արտաքին բեմագրութիւն եւ հերթով այդ ամբողջը ընթացք առաւ Մերձաւոր Արեւելքէն ու հասան մեր մօտ։ Եղածը «գունաւոր յեղափոխութիւն» էր, որ ներկայացուեցաւ որպէս բացառիկ եւ աշխարհի մէջ առաջին անգամ եղող զարգացում եւ անուանուեցաւ ծիծաղելի ածականներով... Եղածը իրականութեան մէջ հերթական յեղաշրջում մըն էր, որ ծրագրուած էր ամբողջութեամբ դուրսէն։ Փաստ է նաեւ եւ օրերը ցոյց տուին, թէ բոլոր մակարդակի զարգացումները չէի բխեր հայկական շահերէն ու ըսեմ աւելին, որ ներհայաստանեան օրակարգին մէջ այդ փոփոխութիւններ ոչ մէկ դրական նորութիւն կամ բարեփոխում բերին Հայաստանին։ Ընդհակառակը մենք խորտակուեցանք ու գացինք 30 տարի ետ: Կը կարծեմ, որ նոյնիսկ սակաւապետական պետութիւնը եթէ այդպէս էր, աւելի նախընտրելի էր քան պետութեան բացակայութիւնը, որովհետեւ սակաւապետական պետութիւնը կրնար օր մը վերածուիլ օրինական պետութեան, իսկ բացակայ պետութիւնը չենք գիտեր, թէ ո՛ւր կ՚երթայ:

-Իսկ ըստ ձեզի, Հայաստանի իշխանութիւնները սորվելիք ունի՞ն Սուրիոյ իշխանութիւններէն, որոնք 11 տարի պայքարեցան ու դեռ կը պայքարին յանուն իրենց երկրի արժանապատուութեան:

-Ես մեծագոյն յարգանք ունիմ Սուրիոյ իշխանութիւններու նկատմամբ: Հայաստանի եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները իրար համեմատել կարելի չէ, բոլորովին ուրիշ դասակարգեր են... այնտեղ կան լուրջ քաղաքական գործիչներ, որոնք որոշ հարցերու մէջ, նոյնիսկ Ռուսաստանին կրնան ո՛չ ըսել, իսկ Հայաստանի մէջ ուղղակի սրճարաններէն հաւաքուած ժողովուրդ էին, որ իշխութիւնը իրենց ձեռքը վերցուցին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021