ՓԽՐՈՒՆ ԵՒ ԱՆՊԱՇՏՊԱՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վիճակը դարձեալ ծանր է։ Շաբաթավերջէն ի վեր անհանգիստ վիճակ ստեղծուած է սահմանի ամբողջ երկայնքով։ Ատրպէյճանի բանակը յարձակման անցած է Հայաստանի դէմ՝ իրականացնելով զանազան կէտերու վրայ ռմբակոծումներ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, Հայաստան անտէր ու անպաշտպան է, պետութիւնը դարձած է փխրուն, երկիրը խոցելի։ Երեւանի ղեկավարութիւնը չի յաջողիր կասեցնել Պաքուի յարձակողական ընթացքը։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուին ոտնձգութիւնները։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ խնդրոյ առարկայ չէ սահմանային վէճ մը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Արդարեւ, Հայաստանի տարածքին դէմ յարձակում, բռնութիւն կը կատարուի։ Անցեալ մայիսի 12-էն ի վեր երկրի ինքնիշխան տարածքի արդէն 41 քառակուսի քիլօմեթրը բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Ըստ Փաշինեանի, թէեւ սահմանի վրայ իրավիճակը որոշ չափով կայունացած է, սակայն այդ յարաբերական կայունութիւնը արգելք չի հանդիսանար տարածաշրջանի ընդհանուր իրավիճակի չափազանց լարուած մնալուն։ Ան պնդեց, որ Ատրպէյճան իրավիճակը միտումնաւոր կը սրէ՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները վիժեցնելու համար։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուցած էր, որ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ կրակը դադրեցուած է։ Նախարարութիւնը այս առաւօտ նոր տուեալներ հաղորդեց, ըստ որոնց կրակի դադրեցման համաձայնութիւնը ըստ էութեան կը պահպանուի։ Վերջին բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է զոհ մը։ 13 հայ զինուոր գերեվարուած է։ Հայկական բանակէն 24 զինուոր այս պահուն կորսուած է՝ անստոյգ ճակատագրով։ Անոնց որոնման աշխատանքները թափով կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է երկու մարտական յենակէտ։ Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ կ՚ընթանան բանակցութիւններ՝ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման եւ գերեվարուած հայ զինուորներու վերադարձին համար։

Առկայ տագնապալի կացութեան մէջ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Քննարկուեցան սահմանի իրադարձութիւնները։ Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին ան կարեւորեց ստեղծուած իրավիճակի պայմաններով հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութիւնը։ Երեւանի մէջ իր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստը, որմէ վերջ յայտարարուեցաւ, որ հնարաւոր բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանուին երկրի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անկախութիւնը։ Իր կարգին, խորհուրդի քարտուղարը՝ Արմէն Գրիգորեանն ալ տեղեկացուց, որ Հայաստան կը դիմէ Ռուսաստանին՝ 1997 թուականին ստորագրուած համաձայնութեան շրջանակին մէջ՝ երկրի սահմաններու անձեռնմխելիութեան երաշխաւորման համար։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման բանակցութիւններու ձեռնարկելու, ինչ որ ղարաբաղեան հիմնախնդրին հետ կապ չունի։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնակիցներուն՝ Սուրէն Պապիկեանի եւ Զաքիր Հասանովի հետ։ Այս վերջինը հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ տեղեկացուց, որ կապի մէջ է կողմերուն հետ։

Միջազգային հանրութիւնը մտահոգութեամբ կ՚արձագանգէ իրադարձութիւններուն։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս արդէն օրակարգի վրայ եկաւ այս տագնապը։ Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Ռաիսիի հետ։ Այս վերջինը նշեց, որ տարածաշրջանի երկիրներու սահմաններու փոփոխութիւնը անընդունելի է։ Փութինն ալ դիտել տուաւ, որ ռուսական կողմը կը պաշտպանէ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակի գործարկումը։ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի առընթեր Ֆրանսայի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւններն ալ մտահոգութեամբ արձագանգեցին իրավիճակին՝ կոչ ուղղելով կրակի դադրեցման եւ առկայ հարցերու բանակցութիւններու միջոցաւ կարգաւորման համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021