ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐԸ՝ ՊԵՌՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի տե­սակ­ցին՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար քննար­կում­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու տե­սակ­ցու­թեան ժա­մադ­րա­վայ­րը պի­տի ըլ­լայ Զուի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեռն։ Այս առ­թիւ Սերժ Սարգ­սեան վա­ղը աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի մեկ­նի Զուի­ցե­րիա եւ Ա­լիե­ւի հետ իր տե­սակ­ցու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Շա­բաթ, Դեկ­տեմ­բե­րի 19-ին։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մը նա­խա­տե­սուած է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ։

Ինչ­պէս միշտ, Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը եւս տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ծայր աս­տի­ճան լա­րուած մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ար­դա­րեւ, Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը վեր­ջին շրջա­նին ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ա­ւել­ցած են, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուած ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րով եւ հա­ւա­նա­կան բո­լոր մտա­հո­գիչ հե­տե­ւանք­նե­րով հան­դերձ։

Սարգ­սեան-Ա­լիեւ տե­սակ­ցու­թեան նա­խոր­դած լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գոնկ­րէ­սէն եւս բարձ­րա­ցած էին ան­հանգս­տու­թեան ձայ­ներ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ ԱՄՆ-ի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս եւ Դե­մոկ­րատ Է­լիըթ Էն­կէլ ծրա­գիր մը ա­ռա­ջար­կած էին Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման հա­մար։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ող­ջու­նեց Էտ Ռոյ­սի եւ Է­լիըթ Էն­կէ­լի սոյն ա­ռա­ջարկ­նե­րու ծրա­գի­րը։ Պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան կող­մէ ա­նոնց ու­ղար­կուած նա­մա­կին մէջ նշուած է, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մին տե­սա­կէ­տէ ող­ջու­նե­լի են այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, ա­ռանց հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը յստա­կեց­նող դրու­թեան կամ յար­ձա­կում­նե­րու աղ­բիւ­րը ճշդե­լու հա­մար նա­խա­տե­սուած սար­քա­ւո­րում­նե­րու տե­ղադր­ման՝ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հա­մար դժուար կ՚ըլ­լայ ու­ժի գոր­ծադ­րու­թեան հար­ցով յստակ մե­ղադ­րանք­ներ հաս­ցէագ­րել կող­մե­րէն մէ­կուն։

Էտ Ռոյ­սի եւ Է­լիըթ Էն­կէ­լի նա­խա­գա­ծին մէջ ա­ռա­ջար­կուած կէ­տե­րը ըն­դու­նուած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի կող­մէ։ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի աշ­խա­տա­կազ­մը եւ ԵԱՀԿ եւս տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ կ՚ա­ջակ­ցին ներ­կա­յա­ցուած նա­խագ­ծին։ Ներ­կա­յիս միայն Ատր­պէյ­ճա­նը դէմ է ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան։ Ա­մե­րի­կա­ցի գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը ա­ռա­ջար­կած են ե­րեք յստակ քայ­լեր, ո­րոնք կրնան նպաս­տել տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հա­մար հա­մա­պար­փակ եւ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման։ Ի­րենց կող­մէ պատ­րաս­տուած նա­մա­կին տակ ստո­րագ­րու­թիւն դրած են ութ­սուն գոնկ­րէ­սա­կան­ներ։ Այդ նա­մա­կին մէջ կոչ կ՚ուղ­ղուի, որ­պէս­զի հա­մա­ձայ­նու­թիւն ա­պա­հո­վուի բո­լոր կող­մե­րէն՝ դի­պու­կա­հար­ներ չտե­ղա­կա­յե­լու հա­մար շփման գծին վրայ։ Նոյն շրջագ­ծով կը նա­խա­տե­սուի ԵԱՀԿ-ի կող­մէ վե­րահս­կուող զար­գա­ցած կրա­կոր­սիչ հա­մա­կար­գե­րու եւ ձայ­նա­յին սար­քա­ւո­րում­նե­րու տե­ղա­կա­յու­մը՝ յար­ձա­կում­նե­րու աղ­բիւ­րը ճշդե­լու հա­մար եւ ի լրումն այս բո­լո­րին ԵԱՀԿ-ի դի­տորդ­նե­րու տե­ղա­կա­յու­մը՝ շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու դէպ­քե­րը ա­ւե­լի լաւ վե­րահս­կե­լու նպա­տա­կով։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ալ ողջունեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան պատրաստա-կամութիւնը՝ հրադադարի խախտումներուն շուրջ հետաքննութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, միջնորդ երկիրները դերակատարութիւն պէտք է ունենան այս հարցին շուրջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015