ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ ԹԷԼ ԱՒԻՒ
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջերս այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ։ Քնեսէթի պաշտօնական հրաւէրին հիման վրայ պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Երուսաղէմի եւ Թէլ Աւիւի մէջ։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին երեսփոխաններ՝ Հրանդ Բագրատեան, Կարէն Սարիբէկեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու կաճառի պետ զօրավար Հայկ Քոթանճեան։ Պատուիրակութեան ուղեկցեցան Գահիրէի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան եւ Երուսաղէմի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեան։
Երուսաղէմի մէջ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Քնեսէթի փոխ-նախագահ, Իսրայէլ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար Թալի Փլեսքովայի, Քնեսէթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ցախի Անեկպիի, Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական տնօրէնութեան ղեկավար Ալոն Ուշփիցի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ասիոյ բաժանմունքի ղեկավար Արիէլ Շաֆրանսքիի, Եւրոասիոյ հարցերով բաժանմունքի ղեկավար Զվի Ռաւ-Նէրի, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ-Հայաստան առեւտուրի պալատի նախագահ Ցվի Քան-Թորի հետ։
Քնեսէթի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովին միջեւ միջխորհրդարանական պաշտօնական յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ այս բոլորը հանդիսացան առաջին հանդիպումները, որոնց ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան աշխուժացման ուղղեալ զանազան հարցեր։ Թալի Փլեսքովա շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան հրաւէրին ընդունուած ըլլալուն համար եւ կարեւորեց խորհրդարանական համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ իրեն, Քնեսէթէ ներս բարեկամական խումբը ապագային պիտի աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը՝ նպաստելով Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ կապերու զարգացման։
Արտակ Զաքարեան եւ ընկերակիցները Ցախի Անեկպիի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անվտանգութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Հայկական կողմը անընդունելի համարեց Ատրպէյճանի կողմէ ծաւալուած հակահայ քարոզչութիւնը, տարածքաշրջանի իրավիճակի խեղաթիւրումը եւ կեղծ տեղեկատուութեան տարածումը։ Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճան շարունակաբար կը խոչընդոտէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, կը դրսեւորէ վտանգաւոր կեցուածք մը, դժբախտաբար երբեմն այդ մէկուն կը հաւատան նաեւ զանազան խորհրդարաններու երեսփոխաններ։ Զրոյցի աւարտին Արտակ Զաքարեան իր պաշտօնակիցը հրաւիրեց այցելել Հայաստան, ինչ որ ընդունուեցաւ սիրով։
Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը քննարկեց Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները, Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գործընթացը, Երեւանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, զբօսաշրջութեան եւ օդային հաղորդակցութեան վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս Իսրայէլ-Հայաստան տնտեսական հաւանական համագործակցութիւնը։
Արտակ Զաքարեանի կողմէ գլխաւորուած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Երուսաղէմի մէջ այցելեց նաեւ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին մէջ պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տեղւոյն հայ համայնքին եւ անոր հոգեւոր-մշակութային կեանքին վերաբերեալ հարցեր։ Պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Թէլ Աւիւի մէջ ալ, Տ. Տիրան Աբեղայ Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ, Ս. Նիկողայոս վանքի յարակից համայնքային կեդրոնէն ներս պատուիրակութիւնը մէկտեղուեցաւ Իսրայէլի հայ համայնքի շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։