ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Յու­նաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Փա­նաեո­թիս Քամ­մե­նոս պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան եւ այս շրջագ­ծով ե­րէկ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ հիւր նա­խա­րա­րը Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս դի­մա­ւո­րուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ։ Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ Փա­նաեո­թիս Քամ­մե­նոս վա­րե­ցին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, նաեւ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ որ­պէս­զի փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ հիմ­նա­կան բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ շա­րու­նա­կուի երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ, թէ ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման։ Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայտ­նեց, թէ ինք եւ իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը ա­մէն ջանք պի­տի գոր­ծադ­րեն՝ որ­պէս­զի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գա­նայ աշ­խոյժ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ալ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան շարք մը հրա­տապ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան պայ­քա­րին շուրջ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Նալ­պան­տեան նշեց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը կա­պուած են բազ­մա­թիւ պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կա­պե­րով եւ Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ ա­ւան­դա­կան բա­րե­կամ երկ­րի՝ Յու­նաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել խո­րա­ցումն ու ընդ­լայ­նու­մը։ Իր կար­գին, Քամ­մե­նոս ընդգ­ծեց, որ Ա­թէնք բարձր կը գնա­հա­տէ փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան վրայ հիմ­նուած միջ­պե­տա­կան փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, Յու­նաս­տան հե­տաքրք­րուած է Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­մամբ եւ ամ­րապնդ­մամբ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ջան­քե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ շա­րու­նա­կա­կան սադ­րանք­նե­րու հե­տե­ւան­քով հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015