ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Ռու­սաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Ռո­կո­զին վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պա­քուի մէջ, ուր ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լ­ւե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Ան Պա­քուի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տան-Ատր­պէյ­ճան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հեր­թա­կան նիս­տին։ Ռո­կո­զի­նի Պա­քուի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ռա­ւել չա­փով քննար­կուե­ցան Ռու­սաս­տա­նէն դէ­պի Ատր­պէյ­ճան զէն­քի մա­տա­կա­րա­րում­նե­րու հար­ցե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռու­սա­կան «Քո­մեր­սանտ» թեր­թը գրեց, թէ Ռո­կո­զի­նի ըն­կե­րա­կից պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ գտնուած է Ռու­սաս­տա­նի Ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան դաշ­նակ­ցա­յին ծա­ռա­յու­թեան ա­ռա­ջին փոխ-տնօ­րէն Անտ­րէյ Պոյ­ցով։ Ըստ նոյն աղ­բիւր­նե­րուն, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գի հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րէն մին ե­ղած է ռու­սա­կան կող­մի դիր­քո­րոշ­ման պար­զա­բա­նու­մը՝ այս տա­րի Հա­յաս­տա­նին մա­տա­կա­րա­րուած «Իս­քան­տէր» հրթիռ­նե­րուն շուրջ։

Պա­քուի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Ա­լիեւ-Ռո­կո­զին զրոյ­ցի ըն­թաց­քին կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ռու­սաս­տան-Ատր­պէյ­ճան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու շուրջ։ Ըստ Ա­լիե­ւի, եր­կու եր­կիր­նե­րու շփում­նե­րը կը բնո­րո­շուին բարձր մա­կար­դա­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, բա­րե­կա­մու­թեան ու փո­խա­դարձ շա­հե­րու սկզբունք­նե­րով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2016