ՏԱՐՀԱՆՄԱՆ ՏԱԳՆԱՊ
Հալէպի արեւելքին պաշարուած քաղաքային ժողովուրդի եւ ընդդիմադիրներու տարհանման գործընթացը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր առմամբ 14 քաղաքայիններ մահացան՝ տարհանման գործընթացի ընթացքին ինքնաշարժներու շարասիւներուն վրայ գործուած յարձակումներուն հետեւանքով։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ 9 հազար 500 հոգի տարհանուած է Հալէպի արեւելքէն եւ այսպէսով այդ գործընթացը հասած՝ իր աւարտին։ Ուստի, Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ վերստին ձեռնարկած է գործողութիւններու։
Այս բարդ իրավիճակին մէջ Անգարայի ղեկավարութիւնը կը գործադրէ բազմակողմանի ջանքեր։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ տարհանման գործընթացը չէ հասած իր աւարտին։ Ներկայ իրավիակին մէջ Անգարա-Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ ալ խտացեալ շփումները կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երէկ ալ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ տեսակցեցաւ Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Իսաք Ճիհանկիրիի հետ։ Մինչ այդ, Վլատիմիր Փութին տեղեկացուց, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնած են, որպէսզի Աստանայի մէջ նոր հարթութեան մը վրայ շարունակուին Սուրիոյ վերաբերեալ քննարկումները, եթէ բոլոր կողմերը գտնուին համամիտ։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպաման ալ տարուան վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան ձեռքերը արիւնոտ են։ Ան խիստ քննադատութիւններով մեկնաբանեց Հալէպի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ աւելցուց, թէ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի վարչախումբը չի կրնար օրինականութիւն ապահովել՝ մարդիկ սպաննելով։
ՄԱԿ-ի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրան ալ երէկ յայտնեց, որ եթէ հրադադար չապահովուի եւ քաղաքական լուծում մը գտնել կարելի չըլլայ, ապա Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը պիտի վերածուի երկրորդ Հալէպի մը։