ՋԵՐՄ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանը։ Այսպէս, ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր հիւրընկալուեցան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Պեռնար Սարըպայ յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Էքրէմ Իմամօղլուին։ Հոգաբարձութեան անդամները յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին քաղաքապետին։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Իսթանպուլի ընդհանուր օրակարգի վերաբերեալ հարցերու եւ փոքրամասնութիւններու առընչուած նիւթերու։

Ինչպէս ծանօթ է, Էքրէմ Իմամօղլու քաղաքապետարանէ ներս հաստատած է դաւանանքներու յատուկ բաժանմունք մը, որու տարած աշխատանքին շուրջ ալ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019