ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սարկաւագաց երգչախումբի դէպի Եւրոպայի ուղեւորութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանի արժեւորման համար Սարկաւագաց երգչախումբը համերգաշարով մը հանդէս եկաւ Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ։ Յոբելեանի արժեւորման տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումներու առիթ հանդիսացաւ այս ուղեւորութիւնը։ Արդարեւ, եօթ համերգներու ընթացքին երգչախումբը իսկապէս խոր տպաւորութիւն թողեց եւրոպացի ունկնդիրներուն վրայ։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցան այս համերգները։ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի շրջանաւարտ 15 սարկաւագներէ բաղկացեալ երգչախումբը Եւրոպայի եօթ քաղաքներու մէջ ելոյթ ունեցաւ՝ խմբավարութեամբ Շահէ Քեշիշեանի։ Հոգեւոր երգերէ, Կոմիտասեան Պատարագի կարգ մը շարականներէ ու ժողովրդական երգերէ բաղկացած մէկ ժամ տեւողութեամբ համերգը՝ յոտնկայս ծափահարութեամբ գնահատանքի արժանացաւ բոլոր ներկաներուն եւ գլխաւորաբար եւրոպացի ունկնդիրներուն կողմէ: Համերգները մեծաւ մասամբ տեղի ունեցան եւրոպական կաթողիկէ տաճարներու մէջ՝ հովանաւորութեամբ տեղւոյն կաթողիկէ կարտինալներու կամ արքեպիսկոպոսներու:

Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սարկաւագաց երգչախումբի համերգները ներկայացուեցան Ամսթերտամի պատմական Ս. Հոգի եւ Ալմէլոյի (Հոլանտա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներուն մէջ: Երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հոլանտայի Մաստրիխտ քաղաքի Ս. Սերվատիոս տաճարին մէջ: Ս. Սերվատիոսը 4-րդ դարու հայ հոգեւորական էր, որ քրիստոնէութիւնը քարոզելու համար Հայաստանէն (Սեբաստիա) Եւրոպա գացած էր: Ան վախճանեցաւ Մաստրիխտի մէջ: Իր գերեզմանը կը գնուի Ս. Սերվատիոս տաճարին մէջ:

Հոլանտայէն եւ Պելժիայէն ետք՝ Սարկաւագաց երգչախումբը իր համերգները շարունակեց Հռոմի եւ Միլանոյի մէջ: Հռոմի Դրաստեւերէի նշանաւոր Ս. Աստուածամօր նուիրուած տաճարին մէջ համերգը ներկայացուեցաւ Կարտինալ Սանտրիի եւ Կարտինալ Քոխի հովանաւորութեամբ եւ Իտալիոյ եւ Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպաններու մասնակցութեամբ: Համերգին ներկայ էին նաեւ Ս. Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ կարգ մը երկիրներու դեսպանները, հոգեւորականներ եւ տեղացիներ: Երգչախումբի վերջին համերգը տեղի ունեցաւ Միլանոյի կաթողիկէ Ս. Ստեփանոս տաճարին մէջ՝ մասնակցութեամբ Միլանոյի եկեղեցիներու Միջեկեղեցական խորհուրդի անդամներուն:

Սարկաւագաց երգչախումբը, նաեւ Կոմիտասեան Պատարագի երգեցողութեամբ, մասնակցեցաւ Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղինացի եւ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանուկ հայ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի խորհուրդին:

«2019 տարուան ընթացքին՝ Հայաստանի եւ արտասահմանի հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ ոչ հայեր, համերգներով եւ այլ ելոյթներով նշեցին եւ կը շարունակեն նշել Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը: Դեկտեմբեր 5-15 թուականներուն միջեւ, Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սարկաւագաց երգչախումբի ելոյթները խորհրդանշական էին: Երգչախումբի տասնհինգ սարկաւագները շրջանաւարտ են այն Ճեմարանէն՝ ուրկէ շրջանաւարտ եղաւ Կոմիտաս Վարդապետ եւ դասախօսեց ու երգչախումբ կազմեց նոյն Ճեմարանին մէջ: Համագործակցութեամբ կաթողիկէ առաջնորդներու՝ եւրոպական զանազան տաճարներուն մէջ կազմակերպուած համերգները, մեծաւ մասամբ եւրոպացի ունկնդիրներու մասնակցութեամբ, ոչ միայն ներկայացուցին Կոմիտաս Վարդապետի հանճարը, այլ նաեւ ի յայտ բերին կաթողիկէ եւ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սիրոյ եւ համագործակցութեան ոգին: Երախտապարտ ենք Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ որ Իր օրհնութիւնը տուաւ, որպէսզի Մայր Աթոռի Սարկաւագաց երգչախումբը ելոյթներ ունենայ Եւրոպայի եօթն քաղաքներուն մէջ», նշեց Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019