ՄԱՐԻԱ ԶԱԽԱՐՈՎԱ. «ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՚ԸՆԷ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ ԱՄՈՒՐ ՈՒ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ ու ամուր խաղաղութեան հաստատման համար։ Ան երէկուան իր հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ անցեալ շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի խախտման դէպքերուն։ «Ռուսաստան հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի տարածքաշրջանէ ներս ամուր եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատուի։ Մեր մեկնակէտն է, որ հակամարտութեան կողմերը եւս կ՚ուղղորդուին նոյն նպատակներով», ըսաւ Զախարովա։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը մեկնաբանեց Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխ-նախագահին յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, ռուս խաղաղապահները իրաւունք չունին պաշտպանել այն գիւղերը, ուր կը փորձեն ներխուժել Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու խմբաւորումները։ Մարիա Զախարովա ըսաւ. «Բոլոր յայտարարութիւնները, որոնք կը կատարուին հակամարտ կողմերուն եւ այլ տարածքաշրջանային կամ ոչ-տարածքաշրջանային խաղացողներու կողմէ, պէտք է ուղղուած ըլլան գլխաւոր նպատակին հասնելու, ինչ որ երկարատեւ խաղաղութիւնն ու լայնածաւալ կարգաւորումն է։ Բոլոր յայտարարութիւնները պէտք է կշռադատուին ելնելով այն տեսանկիւնէն, թէ ի՛նչ օգուտ կամ ի՛նչ վնաս կրնան բերել։ Այս պահու դրութեամբ այնքան աշխատանք տարուած է, որ որեւէ բառ պէտք է կշռադատել։ Ինչ կը վերաբերի որոշ մանրուքներու, լիազօրութիւններու, տեղւոյն վրայ առկայ իրավիճակին, գործառութային պարտականութիւններու, պատասխանատուութեան գօտիին, ապա այդ բոլոր հարցերը կրնան քննարկուիլ կողմերու միջեւ աշխատանքային ձեւաչափի մէջ։ Մենք կապի մէջ ենք թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի հետ, անոնց մօտ յառաջացած բոլոր հարցերը պէտք է կարգաւորուին այդ ձեւաչափին մէջ»։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՀԵՐՔՈՒՄ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ հերքումով մը հանդէս եկան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերջին խախտումներուն եւ այդ կապակցութեամբ արձագանգ գտած շարք մը լուրերուն շուրջ։ Այսպէս, Մոսկուա պաշտօնապէս հերքեց՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ շրջափակման մէջ առնուած ըլլալու վերաբերեալ լուրերը։

Հարկ է նշել, որ երէկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, թէ իր տեղեկութիւններով՝ ռուս խաղաղապահներն ալ յայտնուած են շրջափակման մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2020