ԲԱՐԴ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ.-

Այս առաւօտ սկսաւ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը, որուն այնքան հետաքրքրութեամբ կը սպասէին համայնքային շրջանակները։

Դժբախտաբար, որոշ դժուարութիւններով կ՚ընթանայ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը։ Սա բարդ քուէարկութիւն մըն է՝ նախ եւ առաջ կազմակերպչական հանգամանքներու բերումով։ Արդարեւ, ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ, սակայն, այդ ընտրաշրջանի ամենաբազմութիւն կէտերուն վրայ՝ Ֆէրիգիւղի եւ Սամաթիոյ մէջ քուէատուփեր չեն բացուած։ Ընտրողները հնարաւորութիւն ունին քուէարկելու միայն Պիւյիւքտէրէի, Ռումելիհիսարի եւ Գուրուչէշմէի եկեղեցիներուն մէջ։ Սա պատճառ կը դառնայ, որ երկար հերթեր գոյանան։

Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս ընտրութեան կազմակերպման համար պաշտօնի կոչած է ընտրական մարմին մը, որու կազմին մէջ գրեթէ չկայ մեր համայնքէն անդամ մը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ համայնքային շրջանակներուն այս առումով մտահոգութիւնները դժբախտաբար արդարացած են, որովհետեւ այս մարմինը դիմած է մեր համայնքի իրականութիւններուն անյարիր կարգադրութիւններու։ Աւելին, Պիւյիւքտէրէի ընտրական մարմինը կը սահմանափակէ աշխատանքը համայնքային մամուլի ներկայացուցիչներուն, որոնք կը ջանան հետեւիլ այսօրուան քուէարկութեան ընթացքը։ Ըստ վերջին լուրերուն, ընտրական մարմինը քուէարկութիւնը յառաջ կը տանի՝ առանց կնքուած քուէատուփերու։ Սա ալ խնդրայարոյց հանգամանք մըն է եւ հաւանական հետեւանքները կանխել կը փորձեն ընտրութեան մասնակից խումբերու դիտորդները։

Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար ընտրապայքարի մէջ է երկու ցուցակ։ Անոնցմէ մին այժմու թաղային խորհուրդի շարունակութիւնն է՝ նոյն ատենապետով։ Սա Մանիշակագոյն ցուցակն է, որուն դիմաց կայ Մինաս Մեծատուրի կողմէ գլխաւորուած Կապոյտ ցուցակը։ Համայնքային շրջանակներէ ներս վարկի ու համակրանքի տէր դէմքերէ բաղկացեալ ցուցակ մըն է այս մէկը։

Հարկ է նշել, որ Կապոյտ ցուցակի ջանքերով ապահովուած են փոխադրամիջոցներ, որպէսզի Ֆէրիգիւղէն, Սամաթիայէն եւ այլ բանուկ կէտերէ համայնքի անդամները քուէարկելու համար հասնին դէպի այն եկեղեցիները, ուր քուէատուփեր զետեղուած են։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022