ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ՎՐԱՅ

Նպատակի մը հասնիլը միթէ դիւրի՞ն գործ է։ Կեանքը ռազմավարութիւն մը կ՚ենթադրէ թէ՛ անհատին եւ թէ հաստատութեան համար։ Ռազմավարութիւնը թէեւ բարդ բան է, սակայն անոր առանցքը կը կազմեն պայքարը, կամքը, յամառութիւնն ու վճռակամութիւնը։ Բախտախնդիրը միշտ հակուած է պատահականութիւն համարել յաջողութիւնը։ Ճիշդ է, որ ամէն ինչի մէջ բախտի գործօնը կրնայ դեր մը ունենալ, բայց նպատակի մը հասնիլը այդքան ալ մակերեսային չէ, անշուշտ։

Խաղաքարտերը պէտք է յառաջ քշել ճի՛շդ տեղին ու ճի՛շդ ժամանակին։ Պէտք է հաշուել, հաշուարկել, այլ խօսքով՝ չափել, կշռել։ Տկարութիւններու, թերութիւններու պարագաները վերացնել եւ ընթանալ յառաջ՝ դէպի նպատակ։

Միւս կողմէ, կեանքը ելեւէջ մըն է։ Չկայ տեւական յաղթութիւն, ինչպէս չկայ տեւական պարտութիւն։ Եւ այդ խաչմերուկին վրայ կարելի է կողմնորոշուիլ Թոլսթոյի խօսքով. «Բոլոր պատերազմողներէն ամենահզօրներն են՝ ժամանակն ու տարբերութիւնը»։

Հորիզոնին վրայ միշտ կայ յաջողութեան տեսլականը։ Ուրեմն, այսպէս, ռազմավարութենէն դէպի փիլիսոփայութիւն... Թէ՞ հակառակը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022