ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն-հաւաք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթի ընթացքին համախմբուեցան՝ անցեալ տարուան ընթացքին կառոյցի զանազան ծրագրերու մասնակցած կամ տարբեր նախագծերու առթիւ կառոյցի հետ համագործակցած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կամ անհատներ։ ՀԲԸՄ-ի Երեւանի կեդրոնի ընդարձակ դահլիճի երդիքին տակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն՝ մինչ բոլորը բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին ու թարմացուցին իրարու հետ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը։

Ներկաներու շարքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ դիւանագէտներ, դիւանակալներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, գործարարներ, հասարակական գործիչներ, ակադեմականներ, կրթական մշակներ, նախկին պաշտօնատարներ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, օտարերկրեայ դէմքեր, համակիրներ եւ այլ հիւրեր։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի անձնակազմը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ բոլորին նկատմամբ՝ բաժնելով Նոր տարուան վերաբերեալ անկեղծ մաղթանքներ։

Ընդունելութեան ընթացքին ներկաներուն ցուցադրուեցաւ ամփոփ տեսանիւթ մը, որով բոլորին յիշողութիւնը թարմացաւ՝ Արցախէն բռնի տեղահանեալ հայութեան համար ՀԲԸՄ-ի կողմէ կատարուած նախաձեռնութիւններուն, հրատապ խնդիրներու արագ արձագանգման ուղղեալ ջանքերուն եւ ներդրուած լուրջ միջոցներուն մասին։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղը բոլոր ներկաներուն համար պատրաստած էր նաեւ խորհրդանշական յուշանուէրներ։ Այսպէս, Արցախէն բռնի տեղահանեալ ընտանիքներու կանանց կողմէ պատրաստուած քաղցրաւենիքներու տուփեր յանձնուեցան բոլորին։ Սա մասնաւոր նշանակութիւն ունէր՝ քանի Ամանորին Արցախի աւանդական խոհանոցի համը բաժնել Հայաստանի մէջ կը նշանակէ նաեւ տեղահանեալներու ցաւը բաժնել եւ հաղորդ դառնալ անոնց բաժին վիճակած հանապազօրեայ մարտահրաւէրներուն։ Բաց աստի, բոլոր ներկաներուն նուիրուեցան ՀԲԸՄ-ի ջանքերով հրատարակուած գիրքեր։ Արցախի հայկական աւանդական խոհանոցի ճաշատեսակներուն նուիրուած անգերէն գիրք մըն էր այս մէկը։ Սա միայն խոհանոցով սահմանափակուած գործ մը չէր, այլ կը ցոլացնէր հայկական ամբողջ ինքնուրոյն ժառանգութեան զանազան երեսակները։

Հաւաքոյթի մասնակիցները առիթն ունեցան նաեւ ըմբոշխնելու բարձրորակ երաժշտութիւն։ Այսպէս, նուագներով հանդէս եկան երիտասարդ երաժիշտներ Լիանա Սարգսեան եւ Վահան Սարգսեան, որոնց կատարումները արժանացան բուռն ծափահարութիւններու։ Հարկ է նշել, որ անոնք մաս կը կազմէին՝ ՀԲԸՄ-ի կողմէ երիտասարդ տաղանդները յայտնաբերելու եւ խրախուսելու նպատակով կազմակերպուած մրցոյթի դափնեկիրներու շարքին։

      

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024