ՊԱՔՈՒԷՆ ՄԻՇՏ ԳԱՆԳԱՏ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու գծով քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ Կալակհէր Արքեպիսկոպոսը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի եւ Սուրբ Աթոռի յարաբերութիւններու պարագային որոնումներ կան՝ համաշխարհային մշակութային ու կրօնական համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։

Նախարարը արքեպիսկոպոսին ներկայացուց տարածաշրջանի յետպատերազմեան վերակառուցումն ու խաղաղութեան օրակարգը։ Ան մատնանշեց առկայ մարտահրաւէրները, կանգ առնելով նաեւ Հայաստանի զինման վրայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024