«ՔԵՇԻՇԻՆ ԹՈՐՈՒՆԼԱՐԸ»Ի ՀԵՂԻՆԱԿԸ՝ ՔԵԱԶԸՄ ԿԻՒՆՏՈՂԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՄԱԿԱԳՐԵՑ ԻՐ ԳՐՔԵՐԸ

«Այ­րըն­թը» հրա­տա­րակ­-չա­տու­նը վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յած է «Քե­շիշին թո­րուն­­լա­րը» գիր­քը, ո­րու հե­ղի­նակն է Քեա­զըմ Կիւն­տո­ղան։ Շա­բա­թա­վեր­ջին, Բան­կալթիի մէջ, «Galeri Birzamanlar»ի եր­դի­քին տակ շնոր­հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ այս գիր­քին շուրջ, ո­րու նիւ­թը կը վե­րա­բե­րի Տեր­սի­մի եւ շրջա­կայ­քի հայ­կա­կան հետ­քե­րուն եւ ան­ցեա­լին այն­տեղ բնա­կած հա­յու­թեան։

Հա­մա­նուն հրա­տա­րակ­չու­թեան տնօ­րէն Օս­ման Քէօ­քէր այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, որ­մէ վերջ Քեա­զըմ Կիւն­տո­ղան ա­սու­լի­սի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ ան­մի­ջա­կան զրոյց մը ու­նե­ցաւ ներ­կայ գրա­սէր­նե­րուն հետ։

Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին հե­ղի­նա­կը ներ­կայ գրա­սէր­նե­րուն հա­մար մա­կարգ­րեց գիր­քե­րը։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016