ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՓՐԷՕՄԻԷՐ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը։ Երբ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ան­ցան 2015 թուա­կա­նի քննու­թե­նէն, ար­դէն 2016 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ամ­սուան մէջ բազ­մա­կո­ղմա­նի ամ­փո­փում մը կա­տա­րուե­ցաւ այժ­մու ի­րադ­րու­թեան շուրջ եւ շօ­շա­փուե­ցան հե­ռա-նըկար­նե­րը։ Կան­խաւ հարկ է նշել, որ բե­կում­նա­յին պա­հը որ­քան որ ալ տա­կա­ւին հե­ռու ըլ­լալ թուի, ա­պա ըն­թաց­քին ի յայտ ե­կած ազ­դակ­նե­րուն լոյ­սին տակ միշտ ալ շա­հե­կան կ­­՚ըլ­լան Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կամ առ­կայ փա­կու­ղիին վե­րա­բե­րեալ դի­տար­կում­նե­րը։ Այս ան­գա­մուան քննարկ­ման ա­ռիթն էր փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ինչ որ զու­գա­դի­պե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան քսա­նհին­գա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան տա­րուան սկիզ­բին ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Թուր­քիոյ հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեամբ ան­ցած այս նոյն քա­ռորդ դա­րուն։

Հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձե­ւա­չա­փին մէջ կեան­քի կո­չուած նա­խագ­ծի մը ար­դիւն­քը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ հե­տաքր­քիր շրջա­նակ­նե­րուն։ Հա­յաս­տա­նէն «Վեր­սուս սթիւ­տիօ»ն, ան­ցեալ տա­րի, Թուր­քիա­յէն Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ պատ­րաս­տած էր «Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը։ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած, Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման խրա­խուս­ման ուղ­ղեալ ծրագ­րին շրջագ­ծով՝ այս գոր­ծը ար­տադ-րըւած էր «Եւ­րա­սիա» հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ յատ­կա­ցուած մի­ջոց­նե­րով։ Յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեա­նի կնի­քը կը կրէ այս ֆիլ­մը, ո­րու բե­մադ­րիչն է նոյ­նքան յայտ­նի ա­նուն մը՝ Ա­րա Շի­րի­նեան։ Հարկ է նշել, որ իր տպա­ւո­րիչ, նո­յնիսկ պատ­կա­ռե­լի ար­դիւն­քով այս գոր­ծը լիու­լի ար­դա­րա­ցու­ցած է յատ­կա­ցուած մի­ջոց­նե­րը։ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այն­տեղ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ բե­րուած են՝ ա­ռա­ւել չա­փով միջ­պե­տա­կան հար­թու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ա­ռանց­քա­յին բա­զում դէմ­քեր կը տո­ղան­ցեն այդ ֆիլ­մին մէջ, կը վեր­յի­շուին բո­լոր ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին դէպ­քե­րը, ե­զա­կի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հետք թո­ղած են անց­նող շուրջ քա­ռորդ դա­րու գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։ Ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեան փոր­ձա­քա­րը յա­ջո­ղու­թեամբ յաղ­թա­հա­րած այս ժա­պա­ւէ­նը իս­կա­պէս ու­րոյն գործ մըն է թէ՛ իր լրջու­թեամբ եւ թէ իր ո­րա­կով։ Ար­տադ­րու­թեան հանգ­րուան­նե­րուն որ­դեգ­րուած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն ու գի­տակ­ցու­թիւ­նը, կա­տա­րուած ման­րակր­կիտ ու բծախն­դիր աշ­խա­տան­քը ուղ­ղա­կիօ­րէն բնո­րո­շած են այս ժա­պա­ւէ­նին մա­կար­դա­կը։ Պա­տա­հա­կան չէ, որ այս ծրագ­րին ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել յանձն ա­ռած էին՝ եր­կու եր­կիր­նե­րէն հե­ղի­նա­կա­ւոր պե­տա­կան գոր­ծիչ­ներ, ազ­դու դի­ւա­նա­գէտ­ներ ու տա­կա­ւին գոր­ծա­րար­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, վեր­լու­ծա­բան­ներ, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան աշ­խար­հէն դէմ­քեր, եւ այլք։

«Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն»ը ար­տադ­րուած էր եր­կու լե­զուով՝ հա­յե­րէն եւ թրքե­րէն։ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին կող­մէ որ­պէս հա­մա­կար­գող ծրագ­րին մաս­նակ­ցած էր յայտ­նի լու­սան­կա­րիչ Մե­սուտ Եա­շար Թու­ֆան, որ կա­րե­ւոր փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի նաեւ շար­ժան­կա­րի բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Որ­պէս խորհր­դա­տու աշ­խա­տանք­նե­րուն ներգ­րա­ւուած էր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան։ Ան­ցեալ աշ­նան Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած էր այս փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ֆիլ­մի հա­յե­րէն տար­բե­րա­կին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, հոծ թի­ւով հե­տաքրքիր­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։ Ներ­կա­յա­ցու­մէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցած էր քննար­կում մը, զոր վա­րած էր Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան եւ ո­րուն ա­տե­նա­խօս­նե­րը ե­ղած էին Մե­սուտ Եա­շար Թու­ֆան եւ Ա­րա Գօ­չու­նեան։

Կարճ ժա­մա­նակ, հա­զիւ քա­նի մը ա­միս անց, կար­գը ե­կած էր այս ժա­պա­ւէ­նի թրքե­րէն տար­բե­րա­կի ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թեան։ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած յա­ջող ու հե­տաքրք­րա­կան ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րուն շրջագծով քա­ղա­քիս մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան։ Է­մի­նէօ­նի­ւի մէջ, պատ­մա­կան շէն­քէ մը ներս հաս­տա­տուած կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ, Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կը ի­րա­կա­նա­ցուց «Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն»ի թրքե­րէն տար­բե­րա­կին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ո­րու ծրա­գի­րը ու­նէր ո­րոշ զու­գա­հե­ռա­կան­ներ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուա­ծին հետ։

Շա­բաթ, յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, որ ըստ էու­թեան կը բաղ­կա­նար ե­րեք հանգրուա­նէ։ Միւ­նէվ­վէր Է­մի­նօղ­լուի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ ան­ցաւ ա­ռա­ջին փու­լը, որ վե­րա­պա­հուած էր ող­ջոյ­նի խօս­քե­րու։ Այս ֆիլ­մի ար­տադ­րու­թեան շրջա­նին Միւ­նէվ­վէր Է­մի­նօղ­լու տնօ­րէ­նի պաշ­տօն կը վա­րէր Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին մօտ եւ իր ե­ռան­դա­շատ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էր նա­խագ­ծին։ Ան ա­ռա­ջին հեր­թին ե­լոյ­թի հրա­ւի­րեց Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Փրոֆ. Ը­շըք Թամ­տո­ղա­նը, որ ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Ան բարձր գնա­հա­տեց Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեա­նի գլխա­ւո­րած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բին կող­մէ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին դրա­կան ար­դիւն­քը եւ յա­նուն Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց նման ծրագ­րի մը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած ըլ­լա­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Մե­սուտ Եա­շար Թու­ֆա­նին եւ Ա­րա Գօ­չու­նեա­նին։ Թամ­տո­ղան մէջ­բե­րեց այն տե­սու­թիւ­նը, թէ իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի փո­փո­խու­թիւ­նը, ե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կը սկսի ո՛չ թէ իր կեդ­րո­նէն, այլ իր սահ­ման­նե­րէն՝ շնոր­հիւ հա­րե­ւան­նե­րու մօտ ապ­րուած­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան, ներ­թա­փանց­ման։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով օ­րուան նիւ­թը՝ ան խօս­քը եզ­րա­փա­կեց հայ-թրքա­կան սահ­մա­նին վե­րա­բե­րեալ դրա­կան ակն­կա­լու­թիւն­ներ ար­տա­յայ­տե­լով։ Ա­ւե­լի վերջ հան­դէս ե­կաւ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան, ո­րու հա­յե­րէն ե­լոյ­թը թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նեց Ա­րա Գօ­չու­նեան։ Պաս­կե­ւի­չեան, ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ, դրա­կան գնա­հա­տա­կան մը տուաւ կա­տա­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին։ Ան ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­րեց «Վեր­սուս սթիւ­տիօ»ի եւ Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քը, ա­ռանձ­նա­պէս ընդգ­ծե­լով Մե­սուտ Եա­շար Թու­ֆա­նի եւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, եր­րորդ կող­մե­րու գան­ձատ­րու­մով կեան­քի կո­չուած նման ծրագ­րե­րը շատ յա­ճախ առ ե­րե­ւոյթ կը հա­մա­րուին ինք­նան­պա­տակ։ Թէեւ այս ֆիլմն ալ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջոց­նե­րով, «Եւ­րա­սիա» հիմ­նադ­րա­մի յատ­կա­ցում­նե­րով ար­տադ­րուած էր, սա­կայն, Պաս­կե­ւի­չեա­նի խօս­քով, ամ­բողջ խում­բը կը բաժ­նէր հա­սա­րա­կաց մտա­հո­րի­զոն մը։ Ար­դա­րեւ, ար­տադ­րող խում­բը հա­ւատք կը տա­ծէր այն սկզբուն­քին նկատ­մամբ, թէ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ առ­կայ բո­լոր հար­ցե­րը կրնան լու­ծուիլ միջ­պե­տա­կան հար­թու­թեան վրայ երկ­խօ­սու­թեամբ։ Իրմէ վերջ Մե­սուտ Եա­շար Թու­ֆանն ալ ար­տա­սա­նեց սրտի խօս­քը։

Այս ե­լոյթ­նե­րով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թի ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը, ո­րուն ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դեց ֆիլ­մին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը՝ շուրջ ժա­մուան մը տե­ւո­ղու­թեամբ։ «Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն»ին թրքե­րէն ձայ­նա­ւո­րու­մը կա­տա­րուած էր մեր գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խար­հէն եր­կու ծա­նօթ դե­րա­սան­նե­րու՝ Պեր­ճու­հի Պէր­պէ­րեա­նի եւ Պօ­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լուի կող­մէ, ար­հես­տա­վարժ մա­կար­դա­կով։ Ֆիլ­մին հե­տե­ւե­ցան բազ­մա­թիւ հիւ­րեր, ո­րոնց շար­քին էին՝ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նի տե­ղա­կալ Է­լիֆ Իւլ­կէն, նոյն նա­խա­րա­րու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քէն Մուս­թա­ֆա Էօզ­ճան եւ Կով­կա­սի ու Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ գծով փոխ-ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Կէօք­հան Թու­րան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, վաս­տա­կա­ւոր դես­պան ու վեր­լու­ծա­բան Էօզ­տէմ Սան­պերկ, յայտ­նի գոր­ծա­րար ու նախ­կին ե­րես­փո­խան Ճե­ֆի Քամ­հի, ֆրան­սա­հայ գոր­ծիչ Սամ­սոն Էօ­զա­րա­րատ եւ բազ­մա­թիւ ա­կա­դե­մա­կան­ներ, ա­րուես­տա­գէտ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հիւ­րեր։ Մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ալ այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին զա­նա­զան յայտ­նի դէմ­քեր. օ­րի­նակ՝ Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու, փոր­ձա­ռու ազ­գա­յին Գրի­գոր Տէօ­շէ­մէ­ճեան, գոր­ծա­րար Տիգ­րան Ալ­թուն, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ ու գոր­ծա­րար Ար­թիւր Քա­զար, լրագ­րող Րաֆ­ֆի Հեր­մոն Ա­րաքս, ինչ­պէս նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քէն՝ հրա­տա­րա­կու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Նա­տիա Գօ­չու­նեան, խմբագ­րա­կազ­մէն պատ­մա­բան Տքթ. Այ­լին Գօ­չու­նեան եւ լրա­հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րի Թաշ։

Ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թե­նէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ հե­տաքրք­րա­կան ու նոյն­քան շա­հե­կան ա­սու­լիս մը, որ ա­ռիթ ըն­ձե­ռեց օ­րուան նիւ­թին շուրջ հե­ղի­նա­կա­ւոր կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման։ Քննար­կու­մին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր հան­գա­մանք­նե­րէն մին այն էր, որ ֆիլ­մին մէջ ի­րենց վկա­յու­թիւ­նը բե­րած վառ դէմ­քեր այս գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ բաժ­նե­ցին՝ ա­ռա­ջին իսկ ցու­ցադ­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս վերջ։ Նիս­տա­վարն էր Ա­րա Գօ­չու­նեան։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ վաս­տա­կա­ւոր դես­պան Վոլ­քան Վու­րալ, վաս­տա­կա­ւոր դես­պան Իւ­նալ Չե­ւի­քէօզ, NTV հե­ռուս­տա­կա­յա­նի լրա­տուա­կան բաժ­նի գլխա­ւոր խմբա­գիր ու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան նիւ­թե­րու յայտ­նի մեկ­նա­բան Մե­թէ Չու­պուք­ճու, ինչ­պէս նաեւ Տոց. Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ։ Այս վերջ­նոյն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նէր ձե­ւով մը ի պաշ­տօ­նէ բնոյթ, ո­րով­հե­տեւ ան Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի նախ­կին նա­խա­գահն է եւ իր շրջա­նին է, որ յա­ռաջ տա­րուած էր այս աշ­խա­տան­քը։

Ասուլիսի ելոյթներուն մասին մանրամասնութիւննե-րը պիտի հրատարակենք մեր վաղուան թիւով։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016