Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսէլ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհուրդի 16-րդ նիստին։
Հարկ է նշել, որ դէպի Պրիւքսէլ այս ուղեւորութեան ընդառաջ Եդուարդ Նալպանտեան անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Սոֆիա։
Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016