ԱՌԱՆՑ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՄԱՆ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ան երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց՝ ամփոփելու համար 2016 թուականը։ Ազէրի լրագրող մը այս առթիւ հարցում մը ուղղեց Սէրկէյ Լաւրովին։ Այդ հարցման ոճը ուշագրաւ էր եւ Լաւրովի պատասխանն ալ ունեցաւ նման բնոյթ։ Ազէրի լրագրողը հարց տուաւ, որ եթէ Ատրպէյճան որոշէ ուժի միջոցաւ լուծել ղարաբաղեան հարցը, ապա Ռուսաստան պիտի միջամտէ՞ անոր ներքին գործերուն։ Սէրկէյ Լաւրով այս առթիւ ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը միայն Ատրպէյճանի ներքին գործը չէ։ Ռուս նախարարի խօսքերով, կարգաւորումը ունի շարք մը տարբերակներ, որոնք հակամարտութեան ամենաթէժ պահուն ընդունուած է ՄԱԿ-ի կողմէ։ Ըստ Լաւրովի, որոշումները կը սահմանեն, որ հիմնախնդրի կարգաւորումը պէտք է ըլլայ առանց ուժի կիրառման եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի յստակեցումով։ «Սա ամրագրուած է այն փաս-տաթուղթերուն մէջ, որոնք մշակուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ՝ համանախագահներուն միջոցաւ, ամրագրուած են բազմաթիւ յայտարարութիւններու մէջ, որոնք ընդունուած են համանախագահ երկիրներուն՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները, ինչպէս նաեւ այն յայտարարութիւններուն ու փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ընդունուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ։ Վէճերու խաղաղ կարգաւորումը այնտեղ արձանագրուած է ոչ երկիմաստութեամբ», նշեց Սէրկէյ Լաւրով։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս նախարարը խիստ ահազանգող համարեց 2016 թուականի Ապրիլին տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւնները։ «Ռուսաստան որոշիչ դեր մը ունեցաւ արիւնահեղութեան դադրեցման հարցին մէջ։ Մենք պայմանաւորուեցանք Վիեննայի մէջ նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ, այնուհետեւ Ռուսաստանի Նախագահ Փութին 2016 թուականի Յունիսին անոնց հետ համաձայնութեան եկաւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, այն մասին, որ հաշուի առնելով փոխադարձ մեղադրանքները՝ անհարժեշտ է ստեղծել դէպքերու հետաքննութեան դրութիւն, աւելցնել ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւը շփման գծին վրայ։ Դէպքերու հետաքննութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսուած էր նաեւ 2011 թուականին, երբ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը տեղի կ՚ունենար Աստրախանի մէջ։ Դժբախտաբար նման տարրական բանը՝ դէպքերու հետաքննութիւնը եւ դիտորդներու թիւի աւելացումը չէ կրցած կեանքի կոչուիլ, որովհետեւ տակաւին չկայ համակարծութիւն», յայտնեց Սէրկէյ Լաւրով։
Իր խօսքերուն մէջ ռուս նախարարը բացառեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ուժի միջոցաւ կարգաւորումը։ Արցախի կարգավիճակի մասին ալ ան հանդէս եկաւ ուշագրաւ արտայայտութիւններով։ Վկայակոչելով «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը՝ «ՓանԱրմինիըն»ը կ՚աւելցնէ, թէ Լաւրով նաեւ ըսաւ, որ ԵԱՀԿ-ը, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ 1994-ին կնքուած հրադադարէն ի վեր, կը պահանջէ վերադարձնել «գրաւեալ տարածքները», սակայն՝ բացառապէս առանց ուժի կիրառման եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման պահուն:
ՊԼՈՔԸՐ ԼԱՓՇԻՆԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒՄԸ
Սէրկէյ Լաւրով ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած Պլոքըր Ալեքսանտր Լափշինի հարցին։ Ան Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի քաղաքացի է։ Լափշին նախորդ տարիներուն քանի մը անգամ այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղ եւ այս պատճառով յայտնուած՝ Ատրպէյճանի անցանկալի անձերու ցուցակին վրայ։ Պաքու կը պահանջէ, որպէսզի Սպիտակ Ռուսիոյ իշխանութիւնները Լափշինը արտայանձնեն իրեն։ Այս խնդրին շուրջ Սէրկէյ Լաւրով երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Մենք դէմ ենք լրագրողի կամ մասնաւոր անձերու կողմէ այսքան այս կամ այն տարածքաշրջանին մէջ, այս կամ այն տարածքի այցելութեան քրէականացման։ Մենք դէմ ենք նաեւ այս կամ այն երկրին մէջ ձերբակալուած Ռուսաստանի քաղաքացիներու երրորդ երկրի մը արտայանձման։ Մենք հիւպատոսի միջոցաւ կապ հաստատեցինք Պարոն Լափշինի հետ։ Գիտենք, որ ան միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլի քաղաքացի է եւ իսրայէլացի դիւանագէտները իրեն հետ կապի մէջ եղած են։ Պիտի ձեռնարկենք բոլոր միջոցներուն այս իրադարձութիւնը կարգաւորելու համար՝ ամբողջութեամբ յարգելով Ռուսաստանի քաղաքացիի իրաւունքները»։ Լաւրով աւելցուց, թէ իրենք կը շարունակեն կապի մէջ մնալ Լափշինի հետ։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Սէրկէյ Լաւրովի երէկուան յայտարարութիւնները արձագանգ գտան նաեւ Երեւանէն։ Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Թեւան Պօղոսեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ Լաւրովի յայտարարութիւնը իրականութեան արձանագրումն է։ Ռուս նախարարին պատգամը ուղղուած է Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան։ «Սա Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ շեշտադրում էր, որպէսզի Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը չմտածէ, որ հակամարտութիւնը միայն իր ներքին խնդիրն է ու երթայ առկայ պայմանաւորուածութիւնները խախտելու ճանապարհով։ Այն, ինչ որ ըսած է Լաւրով՝ իրականութիւնն է եւ յիշեցում Ատրպէյճանին», համոզուած է պատգամաւորը։
Իր մեկնաբանութեան մէջ Թեւան Պօղոսեան ընդգծեց նաեւ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մէկուն արտաքին գործոց նախարարին կողմէ նման յայտարարութեան մը կատարուիլը հետապնդած է Ատրպէյճանին հասկցնել, որ չխախտէ պայմանաւորուածութիւնները։ «Խօսքը այս պարագային թէ՛ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերպուրկի պայմանաւորուածութիւններուն եւ թէ հրադադարի դրութեան պահպանման պայմանագրին մասին է», աւելցուց ան։
«ԱԿՆՅԱՅՏ Է, ՈՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՐՑԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԼՈՒԾԵԼ ԻՐ ՓԱՓԱՔԱԾ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ, ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ ՍԿՍԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ՝ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ»
Քաղաքագէտ Ալեքսանտր Մակարով երէկ Երեւանի մէջ մեկնաբանեց Սէրկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մասին։ Ան մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց ռուս նախարարի այն արտայայտութեան վրայ, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը միայն Ատրպէյճանի ներքին խնդիրը չէ։ Արդարեւ, գոյութիւն ունի բանակցային գործընթաց մը, որուն ներգրաւուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ նախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները։ «Եւ երկրորդ՝ սա չի կրնար միայն Ատրպէյճանի ներքին խնդիրը ըլլալ, որովհետեւ կայ բանակցային ձեւաչափ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, որուն ներգրաւուած են Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա։ Իսկ այդ ձեւաչափը կ՚ենթադրէ հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորումը», ըսաւ քաղաքագէտը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ալեքսանտր Մակարով նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը հաստատած է իր ինքնորոշումը թէ՛ իրաւական եւ թէ ռազմական ճանապարհով։ «Սա շատ ծանր նստած է Ատրպէյճանի վրայ եւ որեւէ նախադրեալ չկայ, որ նոր պատերազմի մը պարագային նոյնը պիտի չկրկնուի։ Ատրպէյճան պէտք է հաշուի նստի այն փաստին հետ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ունի ինքնորշուելու իրաւունք։ Ատրպէյճան կը փափաքի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծել ռազմական ճանապարհով, սակայն Ապրիլի պատերազմը արդէն ցոյց տուաւ, թէ ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ նոր պատերազմը այդ երկրին համար եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը ինչպիսի հակահարուած կրնայ հասցնել Ատրպէյճանին նոր բռնութեան մը պարագային։ Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան չի կրնար հակամարտութիւնը լուծել իր փափաքած ճանապարհով», յայտնեց քաղաքագէտը։
Իր մեկնաբանութիւններուն մէջ Ալեքսանտր Մակարով մատնանշեց, որ պատերազմ սկսելու պարագային Ատրպէյճան պիտի չունենայ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը, իսկ Լեռնային Ղարաբաղ պիտի ստանայ անմիջական աջակցութիւն Հայաստանի կողմէ, որ իր անվտանգութեան երաշխաւորն է։ Միջազգային հանրութեան միջամտութիւնը այդ պարագային կրնայ արտայայտուիլ տարբեր ձեւով մը։ Քաղաքագէտը որպէս օրինակ մէջբերեց այն փաստը, թէ անցեալ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի օրերուն Ռուսաստանի իսկ միջամտութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահները վերահաստատեցին հրադադարը։