ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉ

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ընտ­րուե­ցաւ Ան­թո­նիօ Թա­ճա­նի։ Ի­տա­լա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կա­նին թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րուած էր Եւ­րո­պա­յի Ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը կը գլխա­ւո­րէր գեր­մա­նա­ցի սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ Մար­թին Շուլց։ Այս վեր­ջի­նը ո­րո­շած է յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին մաս­նակ­ցիլ Գեր­մա­նիոյ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, հե­տե­ւա­բար լքած է Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նը։ Ներ­կա­յիս ի­րեն կը յա­ջոր­դէ քրիս­տո­նեայ-դե­մոկ­րատ­նե­րու խմբա­ւոր­ման կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած Ան­թո­նիօ Թա­ճա­նի։ Քուէար­կու­թեան վեր­ջին հանգ­րուա­նին ան 351 ձայն ա­պա­հո­վե­լով կո­չուե­ցաւ պաշ­տօ­նի։ Իր մրցա­կիցն էր նոյն­պէս ի­տա­լա­ցի մը՝ Ճիան­նի Փի­թել­լա, ո­րու թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րուած էր սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ­նե­րուն կող­մէ։

Սթրազ­պուր­կի մէջ ընտ­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն յայ­տա­րա­րուե­լէն վերջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Թա­ճա­նի, որ կոչ ուղ­ղեց Եւ­րո­պա­յի միու­թեան հա­մար։ Իր հա­մոզ­մամբ, ներ­կա­յիս Եւ­րո­պա­յի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է փո­փո­խու­թիւն մը։ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը պէտք է բո­լո­րին մօ­տիկ ըլ­լայ ու բաց՝ երկ­խօ­սու­թեան։ «Եւ­րո­միու­թեան գա­ղա­փա­րին ես կը հա­ւա­տամ։ Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ պի­տի ըլ­լամ, ոչ թէ վար­չա­պետ։ Պար­տա­ւոր ենք ա­ւե­լի մօտ ըլ­լալ ժո­ղո­վուր­դին։ Ինք­զինք­նիս չբան­տար­կենք Պրիւք­սե­լի փղոսկ­րեայ աշ­տա­րակ­նե­րուն մէջ», ը­սաւ Թա­ճա­նի, ո­րու հա­մոզ­մամբ Անգ­լիա ա­պա­գա­յին կա­րե­ւոր գոր­ծըն­կեր մը պի­տի ըլ­լայ Եւ­րո­միու­թեան հա­մար։

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րը կ՚ընտ­րուին հինգ տա­րուան ժամ­կէ­տով, իսկ նա­խա­գահ­նե­րը կը պաշ­տօ­նա­վա­րեն եր­կու­քու­կէս տա­րուան ժամ­կէ­տով։ Եւ­րո­միու­թեան կա­ռոյց­նե­րու շար­քին Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը միակն է, ո­րու ան­դամ­նե­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն կ՚ընտ­րուին ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։ Ըստ եր­կիր­նե­րու բնակ­չու­թեան հա­մե­մա­տու­թեան՝ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նէն ներս ԵՄ-ի ան­դամ 28 պե­տու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն 751 խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ։

1953 թուա­կա­նին ծնած Ան­թո­նիօ Թա­ճա­նի ու­սա­նած է ի­րա­ւա­բա­նու­թիւն։ Եր­կար տա­րի­ներ զբա­ղած է լրագ­րու­թեամբ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ օ­դագ­նա­ցու­թեան մաս­նա­գէտ մըն է։ Ան ա­ռա­ջին ան­գամ 1994 թուա­կա­նին ընտ­րուած էր եւ­րո­պատ­գա­մա­ւոր։ Ան­ցեա­լի մէջ ան­դա­մակ­ցած էր Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վին։ Թա­ճա­նի 2014-ին ընտ­րուած էր Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գահ։ Ի­տա­լե­րէ­նի ա­ռըն­թեր գի­տէ ֆրան­սե­րէն, անգ­լե­րէն եւ սպա­նե­րէն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2017