ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան վերջերս այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան Չանքայայի ապարանքին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշի հետ։ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները երէկ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին Զէքիեան Գերապայծառի շփումներուն շուրջ։ Այսպէս, ան Անգարայի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ պետական աւագանիէն այլ դէմքերու հետ։ Զէքիեան Գերապայծառ ընդունուած է Սահմանադրական ատեանի նախագահ Զիւհտիւ Արսլանի, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Առողջապահութեան նախարար Րէճէպ Աքտաղի, ինչպէս նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի կողմէ։ Հանդիպումները անցած են ջերմ մթնոլորտի մէջ ու քննարկման նիւթ դարձած են Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վերաբերեալ հարցեր։ Զրոյցներու բովանդակութեան շուրջ չէ հաղորդուած այլ որեւէ մանրամասնութիւն։ Զէքիեան Գերապայծառին ընկերացան Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի փոխ-ատենապետ Կարէն Անան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան եւ անգարաբնակ Հայ Կաթողիկէ ազգային Ժերար Փանոսօղլու։
Նոյն ուղեւորութեան ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառ պատարագեց Սրբուհի Թերեզա ֆրանսական մատրան մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յակոբ Սրկ. Մինասեան եւ Գարեգին Կսսրկ. Պարսամեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ոսկեբերան երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Զաւէն Ակայի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան մայրաքաղաքաբնակ հայեր եւ այլ քրիստոնեաներ՝ հնարաւորութիւն ունենալով մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցելու։