ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԻՍՐԱՅԷԼ

Հա­յաս­տա­նէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ Իս­րա­յէլ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեան։

Խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ար­դէն ձեռ­նար­կած է իր շփում­նե­րուն։ Հան­դի­պում­նե­րը կ՚ըն­թա­նան Իս­րա­յէ­լի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան բնա­գա­ւա­ռի յա­ռա­ջա­տար մաս­նա­գէտ­նե­րուն եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ՝ «Ա­սու­թա» ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։

Հայ­կա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ու­ղե­ւո­րու­թեան տե­ւո­ղու­թեան կ՚այ­ցե­լէ նաեւ կարգ մը գոր­ծա­րան­ներ եւ գիւ­ղատն­տե­սա­կան կա­ռոյց­ներ։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2017