ՆՈՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ԴԻՄԱԳԻԾԸ
Հին սփիւռքը երբ դեռ կլանուած էր իր հին խնդիրներով, աշխարհի հորիզոնին վրայ ուրուագծուեցաւ նոր սփիւռք մը՝ իր նոր հարցերով ու նոր մարտահրաւէրներով:
Ինչպէ՞ս կը համալրուին այս երկու սփիւռքները. արդեօք հին սփիւռքի դեղատոմսերը կը բուժե՞ն նաեւ նոր սփիւռքին հիւանդութիւնները. եւ ո՞վ՝ հին սփիւռքը թէ Հայաստանը առաջնորդութիւն պիտի վերցնեն այս երկու սփիւռքներով զբաղելու եւ մեր համաշխարհայնացնող ազգը միազօդելու:
Հարցեր են, որոնց մասին դեռ չենք սկսած մտածել, որովհետեւ հին սփիւռքը տարուած է իր աւանդական խնդիրներով, իսկ նոր սփիւռքն ալ դեռ չէ եկած ուշքի՝ անդրադառնալու համար որ ազգի մը սփիւռքացումը կենաց ու մահու խնդիր կրնայ յարուցանել:
Հին սփիւռքը իր ծիներուն (gen) մէջ կը կրէ ինքնապաշտպանութեան բնազդը իբրեւ հետեւանք զանգուածային տեղաշարժերու՝ պատմական Հայաստանէն Կիլիկիա, Կիլիկիայէն Միջին Արեւելք ու Միջին Արեւելքէն դէպի Արեւմտեան երկիրներ:
Այդ տեղաշարժերը հետեւանքն են հաւաքական հալածանքներու եւ պարտադիր գաղ-թի. հայը ինքնուրոյն կերպով չէ որոշած իր պատմական հողը լքել ու հեռանալ դէպի անծանօթ հեռաստաններ: Այլ պարտադրաբար հեռացած է արեան ճամբով՝ ետին թողլով տուն ու երդիք, արտ ու կալուած եւ տաճար ու մատեան. բայց ուր որ նոր կայք հաստատած է իր անմիջական՝ անձնական ու ընտանեկան բարօրութենէն ետք, կամ անոր զուգահեռ, խարիսխներ դրած է հաւաքական վերականգնումի եւ գոյատեւման - դպրոց, եկեղեցի, մշակութային կեդրոն, թերթերու եւ գիրքերու հրատարակութիւն եւ այլն:
Սակայն, աշխարհը սկսած է փոխուիլ եւ այն ազդակները, որոնք ապահով գործօններն էին ազգապահպանման՝ դարձած են անբաւարար կամ ժամանակավրէպ: Այդ պատճառով է, որ սփիւռքի ինքնութեան տագնապը սկսած է ծաւալ ստանալ՝ նահանջի մատնելով լեզուն, հաւատքը, մշակոյթը եւ աւանդական արժէքները: Քիչեր կը հաւատային որ Եղեռնէն դար մը ետք դեռ սփիւռքը պիտի կարենայ պահել իր կենդանութիւնը՝ իր տագնապներով հանդերձ։
Պարբերական գաղթերը Միջին Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք կենսաւորած են հոգեվարքի մատնուած Արեւմուտքի հայկական համայնքները, բնականաբար ի վնաս եւ ի հաշիւ Միջին Արեւելքի նօսրացող գաղութներուն: Երբ Միջին Արեւելքի արիւնաքամ գաղութներու ներուժը սկսած էր տկարանալ, վրայ հասան գաղթականական ալիքները՝ այս անգամ Հայաստանէն եւ նախկին Խոր-հըրդային Միութեան երկիրներէն: Ճիշդ է, թէ այդ հոսանքը կորուստ մըն էր հայրենիքի համար, սակայն նախկին դրոյթով արժէ՞ք մը պիտի դառնար ան վտանգուիլ սկսող գաղութները վերակենդանաւորելու: Ասիկա մեծ հարցական մըն էր եւ կը շարունակէ մնալ նոյնքան մեծ հարցական մը: Նոր հոսանքը հայրենիքը կը լքէր ոչ այն պատճառներով որ սփիւռքահայը լքած էր պատմական Հայաստանը: Հայաստանցի գաղ-թականը կը հեռանայ իր պատմական հողերէն բոլորովին տարբեր պայմաններու ներքեւ. արդէն պատրաստուած ու զինուած ուսումով ու գիտութեամբ եւ առաւելաբար դարձած աշխարհաքաղաքացի (cosmopolitan):
Սակայն, հայ նոր գաղթականի ծիներուն մէջ չէր զարգացած ինքնապաշտպանութեան բնազդը իր բնավայրի եւ իր կենսաձեւին բնոյթին պատճառաւ. հայը որ իր հայրենի հողին վրան է՝ չունի հին երազը իր Կիլիկիան ու Վանը վերագտնելու. հողը իր ոտքին տակն է Արշակ Բ. թագաւորին նման, լեզուն եւ մշակոյթը մաս կը կազմեն իր առօրեային եւ մեկուսացած են աւելի մեծ մշակոյթներու ճնշիչ ազդեցութենէն ու վտանգին տակ չեն կորսուելու կամ աղաւաղուելու: Հետեւաբար հողը, լեզուն, մշակոյթը վտանգուած չեն՝ մտահոգութիւն պատճառելու կամ մարտահրաւէր դառնալու: Փաստօրէն, Հայաստանի հայը անզէն է սփիւռքացման աղէտներուն դիմաց, երբ կը լքէ հայրենիքի սահմանները: Այս նկատողութիւնը քննադատութիւն մը չէ՝ որքան պայմաններէն թելադրուած ճշմարտութիւն մը:
Այսօր Ռուսաստանի մէջ աւելի բազմաթիւ հայեր կան քան Հայաստանի՝ նախագահ Փութինին ըսել տալու համար որ «ես աւելի մեծ թիւով հայերու նախագահն եմ, քան նոյնինքն Հայաստանի նախագահը»:
Հայաստանի հայերը արտագաղթելով հաստատուած են թէ՛ աւանդական հայ ոստաններու մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական զանգը-ւած չունեցող երկիրներու մէջ: Բացայայտը եւ ամենէն խոշոր զանգուածը Գալիֆորնիոյ հայութիւնն է, որ վերջին 25 տարիներուն կէս միլիոնի սահմանը հատեց ու անցաւ: Կան նաեւ եւրոպական երկիրները՝ Յունաստանը, Ֆրանսան, Զուիցերիան, Իտալիան, եւ այլն:
Օրինակ՝ Յունաստանի աւանդական հայ համայնքը 10 հազարի սահմաններէն նուազ է: Յանկարծ 35 հազար հայաստանցիներ կը հաստատուին Յունաստան: Կը պարզուի, որ Հայաստանէն գաղթող հայերու հոսանքը հին գաղութը կենսաւորող ազդակ մը չի հանդիսանար. եկեղեցւոյ ծխականները կը շարունակեն նօսրանալ, հայ դպրոցը կը դատապարտուի փակման, սակայն նոր հաստատուող ընտանիքներու զաւակները հեռու կը մնան աւանդական դպրոցէն ու եկեղեցիէն, հակառակ որ եկեղեցասէր են եւ մտահոգ հայապահպանման խնդրով:
Նման ընկերային լապորաթուար (տարրալուծարան) մըն է նաեւ Լոս Անճելըսը, ուր հայաստանցիները կ՚ապրին իրենց կենցաղով իսկ աւանդական գաղութն ալ կը շարունակէ իր ինքնութիւնը պահել փորձել իր հին գործելակերպով:
Անդին կը կազմուին այլ գաղութներ, ուր նախըն-թաց գոյութիւն չունէր հայկական հաւաքական կեանքը - Գերմանիա, Սպանիա, սկանտինաւեան երկիրներ, Հոլանտա եւ այլ երկիրներ, ուր հայոց հաւաքական կեանքը կը ստանայ բոլորովին ինքնուրոյն բնոյթ. ո՛չ անցեալի հայապահպանութեան ազդակները կը գործեն, ո՛չ ալ հայութիւնը միացնող նոր ազդակներ կը յառաջանան:
Բարեգործականը, Դաշնակցութիւնը եւ այլ քանի մը նորաստեղծ խմբաւորումներ նախաձեռնութիւններ վերցուցած են Ռուսաստանի, Ուքրայնոյ, Պուլկարիոյ, Պելժիոյ եւ այլ նորակազմ գաղութներէն ներս: Կորուստի ահաւոր աղէտին դիմաց՝ իսկապէս անբաւարար կիսամիջոցներ են այդ բոլորը: Ինչ կարող է ընել Հայաստանը բացի հայ լեզուի գիրքեր ուղարկելէ դէպի Ջաւախք: Կարծէք Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէն, անցեալին, սովետի ծանր տարիներուն շատ աւելի ուժական ներազդեցութիւն գործած էր հայ գաղութներէն ներս՝ մշակոյթ, գրականութիւն եւ ոգի մատակարարելով, քան այսօրուան Սփիւռքի նախարարութիւնը իր տնավարի գործունէութեամբ:
Սովետահայը բարդ արարած մըն է՝ հակասութիւններով լեցուն եւ դժուար է զայն զետեղել սփիւռքահայու կաղապարին մէջ եւ ապահովել անոր ազգապահպանութիւնը: Ան ունի հանճարեղ գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ գործավարներ, որոնք հայ գաղութներէն դուրս յաջողութիւններու կը հասնին: Միւս կողմէ նաեւ - առաւելաբար - սովետահայ են Գալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ կալանուած յանցագործները, որոնք սովետի բռնութիւններէն ազատած չեն գիտեր ի՛նչ կրնան ընել իրենց նորագիւտ ազատութեամբ:
Սովետահայը նաեւ հասկնալի մեծամտութիւն մը ունի սփիւռքի կազմակերպութեանց մշակութային մակարդակին նկատմամբ, որովհետեւ Սովետական Հայաստանի մէջ տեսած եւ սորված է արուեստը արհեստավարժ մակարդակով, որ բնականօրէն գերազանց է սփիւռքի թերթերուն, գեղարուեստին, գրականութեան ու առ հասարակ՝ մշակոյթին բաղդատմամբ: Որովհետեւ սփիւռքի մէջ ալ յաջողած հայը գաղութին մէջ չէ. գաղութը տէրը չէ անոր ոչ ալ ան՝ իր գաղութին: Այլ միայն միջակ հետեւանքն է որ կը վերապրի գաղութին մէջ:
Հայաստանցի հայն ու աւանդական սփիւռքի հայը աւանդութեանց եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ ալ տարբեր, երբեմն հակոտնեայ ընբռնումներ ունին: Իսկ լեզուի եւ ուղղագրութեան մէջ՝ բացարձակ անզիջող են -«սովորեցէք պետական լեզուն»: Այո՛, անոր խեղաթիւրուած ուղղագրութեամբ ու թրքաբանութիւններու եւ ռուսաբանութիւններու վիրակապերով հանդերձ:
Սակայն, վերապրումի պահանջը չի թելադրեր փոխադարձ քննադատութիւն - այլ խոր ուսումնասիրութիւն ստեղծուած կացութեան, հատուածներու արժէքներուն ու թերութեանց, հանդէս գալ համազգային տարազով մը:
Հին սփիւռքը կը մաշի, սակայն նոր սփիւռքը սատար չի կրնար հանդիսանալ անոր. աւելին՝ տակաւին ան չէ ստեղծուած նոյնինքն իր ինքնութիւնը պաշտպանելու եւ տեւականացնելու դրութիւնը, որովհետեւ, ան ալ իր կարգին նոր կը դիմաւորէ ազգապահպանման նահանջի վտանգը:
Գնահատելի է որ Արեւմտահայաստանի դատին պաշտպաններ կան, Արեւմտահայերէնի փրկութեան փորձեր կը կատարուին, եւ համաշխարհային նոր հայու տիպար մը եւ իտէալ մը կ՚ուրուագծուի:
Սակայն, ո՞ւր պիտի սկսի համադրութիւնը, ո՞ւր պիտի ամբողջանայ ներդաշնակութիւնը, որ համաշխարհային հայու տիպարը ամուր կանգնած ըլլայ իր ազգային էութեան կռուանին վրայ:
Խմբագրական «Պայքար»ի, Լոս Անճելըս