ԱՆԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր զրուցեց խումբ մը մտաւորականներու հետ։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ան անդրադարձաւ երկրի ներքին քաղաքական օրակարգի շարք մը կարեւոր հարցերուն։ Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս կեդրոնացաւ նոր ընտրուելիք հանրապետութեան նախագահին վրայ։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Սահմանադրութիւնը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան եւ այդ հիման վրայ երկրի կառավարման համակարգը պիտի կրէ փոփոխութիւն։ Նախագահական կառավարման համակարգէն խորհրդարանականի պիտի անցնի Հայաստան։ Այս նոր պայմաններով հանրապետութեան նախագահն ալ այլեւս պիտի չընտրուի ուղղակի ժողովուրդին կողմէ եւ այդ գործը առաւել չափով պիտի վիճակի խորհրդարանին։

Այս բոլորի լոյսին տակ Սերժ Սարգսեան մտաւորականներու հետ զրուցելու ընթացքին բաժնեց իր մեկնաբանութիւնները։ Թէյի սեղանի շուրջ տեղի ունեցած զրոյցի ժամանակ ան ընդգծեց, որ անցեալ տարիներուն պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած է մտաւորականութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախագահը անգամ մը եւս ընդգծեց երկրի կեանքէն ներս մտաւորականութեան դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը եւ առաջարկեց բաց ու անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ խօսիլ Հայաստանի եւ անոր ապագային մասին, յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն յետոյ կառավարման նոր համակարգի պայմաններուն ներքեւ։ Սարգսեան ակնկալեց լսել մը-տաւորականներու տեսակէտները, առաջարկները, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններն ու գնահատականները երկրի իրականութեան վերաբերեալ։

Հանդիպման մասնակիցները կարեւորեցին նման հանդիպումներն ու քննարկումները։ Անոնք խօսեցան Հայաստանի ապագայի մասին իրենց պատկերացումներուն, ներկայիս հասարակութեան մտահոգութեան առարկայ խնդիրներուն մասին,  ներառեալ երիտասարդներու կրթութիւնը, պետութեան քաղաքացի դաստիարակելու գործին մէջ մշակոյթի մեծ դերը, հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանումը եւ այլն։

Սերժ Սարգսեան պատասխանեց նաեւ մտաւորականները հետաքրքրող հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին երկրի անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան։ Հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրուեցան, թէ Սերժ Սարգսեան ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ ապագայ նախագահը, ի՞նչ չափանիշներու պէտք է համապատասխանէ երկրի յաջորդ ղեկավարը։ Անոնք այս հարցումը ուղղեցին՝ հաշուի առնելով, որ Սերժ Սարգսեան երկար տարիներ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուցած է, բազում դժուարութիւններով ու պատերազմի բովով անցած անձ մը եւ քաղաքական առաջնորդ մըն է։ Ներկայացնելով իր պատկերացումը ապագայ նախագահի մասին՝ Սարգսեան նշեց, որ իր կարծիքով խօսքը պէտք է վերաբերի անձի մը, անհատի մը, որ ունի անցած ճանապարհ, ունի ճանաչում թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ երկրէն դուրս, կրնայ պատշաճ մակարդակով, ըստ արժանւոյն Հայաստանը ներկայացնել արտասահմանի մէջ, այսինքն՝ կատարել իր ներկայացուցչական պարտականութիւնները թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ երկրէն դուրս։ Սերժ Սարգսեանի պատկերացումով, ապագայ նախագահը պէտք է տիրապետէ օտար լեզուներու, պէտք է ունենայ լայն կապեր թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ ու վայելէ հեղինակութիւն։ Իր խօսքերով՝ ամենակարեւորն է, որ ապագայ նախագահը ըլլայ անկողմնակալ անձ մը, որ երբեք չէ զբաղած քաղաքականութեամբ եւ կուսակցութեան անդամ չէ եղած։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեանի վերոյիշեալ յայտարարութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ, երէկ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս մեծամասնութեան տէր Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակներէն յառաջատար դէմքեր սկսան արտայայտուիլ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպանն է եւ անցեալին կարճ միջոց մը եղած է երկրի վարչապետը։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018