ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը 2019 թուականին յառաջընթաց կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Ռուս նախարարը Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց՝ ամփոփելու համար անցեալ դիւանագիտական տարուան արդիւնքները։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լաւրով ասուլիսի ընթացքին ըսաւ.

«Այս ամիս կը ծրագրաւորուի Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համանախագահներու հերթական շփումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Այնպէս, որ կը կարծեմ, թէ այս ուղղութեամբ ալ մենք կը կարողանանք օժանդակել հակամարտութեան կարգաւորման, որ ձգձգեալի տպաւորութիւն կը ստեղծէ, բայց միանգամայն ենթակայ է լուծման Երեւանի եւ Պաքուի բարի կամքի գոյութեան եւ միջազգային հանրութեան՝ ի դէմս համանախագահներու, աջակցութեան պարագային»:

Միւս կողմէ, Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի երեսփոխաններէն Յովհաննէն Իգիթեան յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը հաշուի կը նստի Արցախի հետ եւ Ատրպէյճան չի կրնար անտեսել այս իրականութիւնը։ Հարկ է նշել, որ անցեալի մէջ ան գլխաւորած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը։

Tert.am կայքէջի աշխատակցին հետ զրուցելու ժամանակ Յովհաննէս Իգիթեան ըսած է հետեւեալը. «Այժմ Հայաստան ունի օրինական ղեկավար մը։ Նախկիններու օրինականութեան պակասը կ՚օգտագործուէր թէ՛ տարածքաշրջանի եւ թէ աշխարհի մէջ։ Յստակ կարելի է ըսել, որ վերջին ժամանակներուն Հայաստան աւելի օրինական իշխանութիւն մը չէ ունեցած՝ քան այսօր։ Շատ անգամ Արցախի հարցին մէջ Հայաստանի դիրքերու տկարութիւնը կապուած էր պետութեան գլուխ հանդիսացող մարդոց իսկ օրինականութեան պակասին հետ։ Հիմա Հայաստանի ղեկավար դարձած է անձ մը, որ ուղղակի ձեւով կապուած չէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ։ Կը յիշեք, որ Ատրպէյճան միշտ կը մատնանշէր, թէ ի դէմս Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի՝ իրենք գործ ունին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կռուած կամ զայն ներկայացնող անձի մը հետ։ Սա էր պատճառը, որ անոնք չէին փափաքեր տեսնել Արցախը բանակցային սեղանի շուրջ։ Նիկոլ Փաշինեան յստակ ինքզինք կը ներկայացնէ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ ու ղեկավար»: Ըստ Իգիթեանի, եթէ նոյնիսկ Ատրպէյճան սկզբնական շրջանին չհամաձայնի, որ Արցախ բանակցային սեղանի շուրջ կողմ ըլլայ, ապա յամենայնդէպս Լեռնային Ղարաբաղ ներկայ պիտի գտնուի։ Փաշինեան ամէն ինչ պիտի քննարկէ Արցախի հետ։ «Կարելի է ըսել, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը արդէն իսկ հաշուի կը նստի Արցախի հետ, իսկ Ատրպէյճան, ի վերջոյ, չի կրնար անտեսել իրականութիւնը», նշեց ան։

Անդրադառնալով բանակցութիւններու մէջ յառաջընթացի հաւանականութեան՝ Իգիթեան մատնանշեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ալիեւի կարճ հանդիպումները, արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումները, որոնք ուղղուած էին բարենպաստ միջավայրի ստեղծման։

Ուրբաթ, Յունուար 18, 2019