ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԴԷՊՔ

Երէկ, Երեւանի Պարոյր Սեւակի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի դին, որ ունէր կրակոցի վէրքեր: Ըստ նախնական տուեալներուն՝ դիակին զննութեամբ վէրք յայտնաբերուած է անոր դիմածնօտային հատուածին մէջ. մահուան վարկածներէն մէկը ինքնասպանութիւնն է: Դիակին կողքին գտնուած է նաեւ ատրճանակ մը: Ըստ լրատուամիջոցներուն՝ Կէորկի Կուտոյեանի բնակարանի պատերուն վրայ յայտնաբերուած են կրակոցներու հետքեր: Բնակարանը, ուր տեղի ունեցած է դէպքը, Կուտոյեան գնած էր չորս տարի առաջ, իսկ դէպքի պահուն ան տան մէջ առանձին եղած է. երէկ զաւակներու հետ տուն վերադարձին կինը յայտնաբերած է Կէորկի Կուտոյեանի դին: Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ դէպքը պատահած ըլլայ օր մը առաջ՝ 16 յունուարին, երբ անոր ընտանիքը իր ծնողներուն տունը կը գտնուէր։

Կէորկի Կուտոյեան ծնած էր 30 սեպտեմբեր 1981-ին, Երեւան: Ան 2011-ին, Հայաստանի նախագահին կարգադրութեամբ՝ նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական: 2011-2014 թուականներուն վարած է Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդին առընթեր Փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան իրականացման դիտարկման յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը: 2016-2018 թուականներուն եղած էր Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն:

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յանձնարարութեամբ, դէպքի վայրին մէջ քննութիւն կատարած են Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արթուր Մելիքեան, տարբեր քննիչներ, դատական բժիշկներ եւ այլ մասնագէտներ։ Արթուր Մելիքեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Դէպքի վայրի զննութիւն կը կատարուի, որպէսզի կարողանամ պատասխանել ձեր հարցերուն: Երբ բնակարան եկանք, դէպքի վայրն էին կինը եւ հայրը: Նախնական՝ այն, ինչ որ ծառայողները ներկայացուցին՝ կինը յայտնաբերած է դիակը: Դէպքի վայրի զննութեան կը մասնակցին դատաբժիշկներ, որոնց զննութեամբ կը պարզենք, թէ քանի հրազէնային վնասուածք ստացած է ան», աւելցնելով, որ կ՚ուսումնասիրուին նաեւ դէպքին վայրը նկարահանող տեսախցիկներուն տեսագրութիւնները:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ նշեցին, որ Կէորկի Կուտոյեան մնայուն կերպով Երեւան չէր բնակեր, որովհետեւ կրթական ծրագրի ծիրին մէջ ընտանիքին հետ մեկնած էր Լոնտոն ուսանելու, վերադարձած էր նախորդ տարեվերջին։

Յատուկ քննչական ծառայութենէն յայտնեցին, թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեան որեւէ հարցով չէ հարցաքննուած եւ դատավարական կարգավիճակ չէ ունեցած։

«Ֆէյսպուք»ի օգտատէր, «Վիքիակումբ»ի նախկին համակարգող Արմէն Միրզոյեան դէպքէն ետք իր էջին վրայ գրեց հետեւեալը. «Հետաքրքրական տեղեկութիւն մը եւս։ Կէորկի Կուտոյեան անունով մասնակիցը դեռ յունուարի 3-ին եւ երէկ (յունուարի 16-ին) փորձած է հայերէն «Վիքիփետիա»էն ջնջել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մասին յօդուածի բովանդակութիւնը»:

Միւս կողմէ, այս ցնցիչ դէպքէն վերջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրապարակեց ցաւակցական մը։ Շատ արագ արձագանգելով ցաւակցական մըն ալ հրապարակեց նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, որու իշխանութեան շրջանին Կէորկի Կուտոյեան վարած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը։

Սա Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան յաջորդած երրորդ նմանաբնոյթ դէպքն է։ Մօտաւոր անցեալին ալ անվտանգութեան ոլորտէն մահացած էին՝ ուժային լծակներու երկու նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Անոնցմէ մին էր նախկին ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեան, որ պաշտօնավարած էր 2003-2008 թուականներուն։ Միւսն էր արտասահմանի մէջ մահացած՝ Ոստիկանութեան Երեւանի բաժանմունքի նախկին պետ Աշոտ Կարապետեան, որ պաշտօնավարած էր 2013-2016 թուականներուն։

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020