«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԲԵՒԷ ՈՐԵՒԻՑԷ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ ՉԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԹՈՒՐՔԻՈՅ»

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացը այս օրերուն անմիջականօրէն կը բնորոշէ քաղաքական օրակարգը՝ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման լոյսին տակ։ Անգարայի եւ Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին ժամադրութեան զուգահեռ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է գործընթացի հաւանական յաջորդ փուլերուն վրայ, մինչ վերլուծաբաններն ալ իրերայաջորդ մեկնաբանութիւններով հանդէս կու գան այս կապակցութեամբ։

Հայաստանի քաղաքական օրակարգը՝ Թուրքիոյ բաղդատմամբ, շատ աւելի ողողուած է այս նիւթին վերաբերեալ իրադարձութիւններով եւ խորհրդածութիւններով։ Եթէ Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ տարակարծութիւն մը գոյութիւն չունի այս նիւթին կտրուածքով, ապա Հայաստանի մէջ երեւոյթը ճիշդ հակառակն է։ Այս իրավիճակին մէջ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին, որու կայքէջին վրայ հրապարակուած է նաեւ համապատասխան տեսանիւթը։ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ օրուան սկիզբին Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ ալ անդրադարձած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Ան խորհրդարանի ամպիոնէն բացատրութիւններ տուած էր Սերտար Քըլըչի հետ ունեցած առաջին տեսակցութեան զանազան մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Օրուան տեւողութեան Ռուբինեան այս անգամ ալ «Ազատութիւն»ի համար պատասխանեց հարցումներու՝ զրուցելով հաղորդավար Կարլէն Ասլանեանի հետ։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ Հայաստան երբեւէ որեւիցէ տարածքային պահանջ չէ ունեցած Թուրքիայէն։

Ռուբինեան հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ Սերտար Քըլըչի հետ հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւն չէ եղած ցեղասպանութեան հարցին շուրջ։ «Հայաստան միշտ յայտարարած է, որ ցեղասպանութեան հետ կապուած նախապայման Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ չկայ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ այդպէս եղած է միշտ, նաեւ նախկին բոլոր իշխանութիւններու օրով։ Եթէ այս հարցը յառաջ քշուի, ըստ իրեն, օրակարգը ուղղակի կը դադրի եւ այս բանը հասկնալի է նաեւ թրքական կողմին տեսակէտէ։ Ուստի, անիմաստ է բանակցութիւններուն այսպէս սկսիլ, որովհետեւ սա որեւէ տեղ չի տանիր։ Հետեւաբար, Ռուբէն Ռուբինեանի խօսքով՝ առաջին հանդիպման ժամանակ փորձած են քննել ո՛չ թէ այն հարցերը, որոնք սուր անկիւններ կը յառաջացնեն, այլ՝ դրական հարցեր։

Հաղորդավարը հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է, որ այս հարցին մէջ այնուամենայնիւ որոշ տարբերութիւններ կան նախորդ երեք իշխանութիւններու օրուան բաղդատմամբ։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կ՚ըսէր, որ սա փաստ է եւ քննարկման առարկայ չէ։ Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կը փորձէր միջազգային օրակարգի վրայ բերել հարցը, իսկ նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրով ալ Ցիւրիխի արձանագրութիւններով պատմաբաններու յանձնաժողովին համար հաւանութիւն տրուած էր։ Ուրեմն, ո՞րն է ներկայ իշխանութեան մօտեցումը ցեղասպանութեան հարցին շուրջ։ Ի պատասխան՝ Ռուբէն Ռուբինեան նշեց.

«Նախ Ցիւրիխի արձանագրութիւններուն մէջ ձեր ձեւակերպած ձեւով չէր, մի փոքր ուրիշ ձեւակերպում էր։ Երկրորդը, մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է, ընդ որում, մեր դիրքորոշումը առանձնապէս չի տարբերիր նախորդ իշխանութիւններու դիրքորոշումէն այս առումով։ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը նախապայման չէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Երբ մենք կ՚ըսենք, որ պատրաստ ենք կարգաւորել յարաբերութիւնները առանց նախապայմանի, սա բառիս բուն իմաստով կը նշանակէ առանց նախապայմանի եւ մենք կ՚ակնկալենք, որ նոյնանման մօտեցում պէտք է ըլլայ Թուրքիայէն, որովհետեւ սա է յառաջ երթալու ճանապարհը»։

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ վերջերս նոյնպէս «Ազատութիւն»ին համար մեկնաբանած էր յատուկ ներկայացուցիչներու անցեալ շաբաթավերջի առաջին հանդիպումը։ Այս առթիւ ան կրկնած էր Սիւնիքի մարզի վերաբերեալ Երեւանի զգայնութիւնները։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Գրիգորեան յստակօրէն ընդգծեց, որ միջանցքի հարցը կարմիր գիծ է հայկական կողմին համար ու այս մասին բոլորը տեղեակ են։

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022