ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Պալքաններէ ներս մշտական խաղաղութեան, վստահութեան ու կայունութեան միջավայրի հաստատուիլը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասուի։

Դէպի Ալպանիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Էրտողան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ այդ երկրի խորհրդարանի ամպիոնէն։ Տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ Պալքաններէ ներս բարիդրացիական յարաբերութիւններուն վրայ շեշտը դնելու առընթեր Էրտողան խօսեցաւ երկկկողմանի յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան շեշտեց, որ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ տարածաշրջանային հարթակ մը, որու վրայ կը դրսեւորուի Թուրքիա-Ալպանիա զօրակցութիւնը։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան այսօր Անգարայի մէջ կը հիւրընկալէ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախատեսուած է Թուրքիա-Սերպիա բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի նիստը, որու ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022