ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆԻ ԱՅՑԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիանը։ Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը այցելեց նաեւ Պեշթեփէի համալիրը, ուր ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Այս տեսակցութեան ալ ներկայ էր Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածաշրջանէն ներս եւ միջազգային յարաբերութիւններու առկայ իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։

Ապտուլլահիան Անգարայի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւնները ճիշդ ուղիի վրայ են։ «Թուրքիան մեր հարեւան երկիրներէն մին է, որ լաւագոյն յարաբերութիւններ ունի Իրանի հետ», ըսաւ ան՝ տեղեկացնելով, որ Անգարայի շփումներու ընթացքին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու վրայ։ Թեհրանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Ապտուլլահիան յայտնած էր նաեւ, որ Անգարայի քննարկումներուն ընթացքին ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները՝ տարածաշրջանային խնդիրներու շարքին։

Ամիր Ապտուլլահիան Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Անգարայի մէջ յայտարարեց, որ Իրան տարածաշրջանի աշխարհագրութենէն ներս որեւէ փոփոխութիւն պիտի չընդունի։

Հարկ է նշել, որ հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտած են Չավուշօղլու-Ապտուլլահիան բանակցութիւններուն վերաբերեալ հաղորդումները։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու Անգարայի մէջ Ամիր Ապտուլլահիանը հիւրընկալելէ վերջ արդէն ուղղուեցաւ Ուաշինկթըն, ուր այսօր ժամադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023