ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵԼ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԼՔԷ ԻՐ ՏՈՒՆԸ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցին մէջ անհրաժեշտ է միջազգային ներգրաւուածութիւն։

Երէկ, Վիեննայի մէջ, Արարատ Միրզոյեան մասնակցութիւն բերաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի արտահերթ նիստին, որու ընթացքին անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի փակման եւ Արցախի պաշարման։

Վիեննայի ելոյթին ժամանակ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Պաքու նպատակ կը հետապնդէ, որպէսզի Արցախի բնակչութիւնը պարտադրէ լքելու իր տուները։ Ան համոզուած է, թէ ԵԱՀԿ կրնայ կարեւոր դեր մը խաղալ խաղաղութեան հասնելու եւ այդ մէկը պահպանելու ուղղութեամբ։ Բաց աստի, Վիեննայի ելոյթին ժամանակ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ տարածաշրջանէ ներս երկաթուղային հաղորդակցութիւնները բանալու հերթական փորձը ձախողած է, որովհետեւ Ատրպէյճանի կողմէ յառաջ քշուած են նոր առաջարկներ։

Շեշտելով, որ Ատրպէյճան նպատակ կը հետապնդէ Արցախի հայութիւնը էթնիք զտման ենթարկելու՝ Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ ըսաւ. «Դժբախտաբար, մենք պէտք է ընդունինք, որ ԵԱՀԿ չկարողացաւ արդիւնաւէտ եւ ժամանակին գործադրել իր՝ հակամարտութեան կանխարգիլման գործիքակազմը»։

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ լուրջ մարտահրաւէր հանդիսանալ տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան համար։ Այս փաստը կը հաստատեն Ատրպէյճանի ակրեսիւ կեցուածքը, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած հակահայկական հռետորաբանութիւնը, Լաչինի միջանցքի շրջափակումը», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը աւելի կը հեռացնէ բոլոր ուղղութիւններով բաղձալի յառաջընթացի հեռանկարը։ Այս շրջափակումը անգամ մը եւս կ՚ապացուցանէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման ուղղութեամբ միջազգային ներգրաւուածութեան բացարձակ անհրաժեշտութիւնը։

Արարատ Միրզոյեանի ելոյթին զուգահեռ՝ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մայքըլ Քարփենթըրն ալ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի փակման եւ Արցախի մատնուած կացութեան։ Իր խօսքով՝ Ուաշինկթըն լրջօրէն անհանգստացած է, որ Լաչինի միջանցքը փակուած է աւելի քան երեսուն օրէ ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սննդամթերքի, դեղօրայքի եւ այլ պաշարներու խիստ պակաս յառաջացած է։ «Այս փաստերը անվիճելի են», շեշտեց ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Ռուսաստան անյապաղ վերականգնեն անխափան տարանցումը՝ պահպանելով անցեալի մէջ ստանձնուած պարտաւորութիւնները, որոնք յստակօրէն կը ներառեն երաշխիքներ։

Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ալեքսանտր Լուքաշեւիչն ալ յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է մնայ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Սերկէյ Լաւրով այս առթիւ յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքը հնարաւորինս արագ պէտք է ապաշրջափակել եւ սա անհրաժեշտ է։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, նախարարները անդրադարձան տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը արդի հարցերու։ Սերկէյ Լաւրով ընդգծեց Լաչինի միջանցքի երկայնքով երթեւեկութեան հնարաւորինս արագ ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը՝ ըստ հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած պայմաններուն։ Ան ընդգծեց նաեւ յարակից բոլոր հարցերու շուրջ փոխադարձ ընդունելի որոշումներու կարեւորութիւնը՝ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման առանցքային ուղղութիւններուն եւ համապարփակ աշխատանքի վերսկսման։

Բաց աստի, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ երէկ հերթական անգամ տեղեկացուց, որ Արցախի ռուս խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ բանակցութիւններ վարել՝ Լաչինի միջանցքի բացումը ապահովելու նպատակով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023